Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միրզոյեան` Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ջնջումին մասին.– «Ապակառուցողական քայլ է»

Դեկտեմբեր 7-ին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադառնալով նոյն օրը նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման Ազերպայճանի կողմէ ջնջումին՝ այդ քայլը ապակառուցողական որակած է։

Նշենք, թէ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև յայտարարած էր, որ Պրիւսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախատեսուած Դեկտեմբեր 7-ի հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ՝ Ֆրանսայի եւս մասնակցութեան պատճառով։

“Հոկտեմբերի 6-ին Պրահայում տեղի էր ունեցել քառակողմ հանդիպում` Հայաստանի վարչապետի, Ֆրանսիայի նախագահի, Եւրոպական խորհրդի նախագահի եւ Ադրբեջանի նախագահի մասնակցութեամբ։ Այդտեղ ձեռք էր բերուել համաձայնութիւն յաջորդ հանդիպման համար։ Եթէ 4 հոգի պայմանաւորւում են հանդիպման համար, ակնկալւում է, որ յաջորդ հանդիպմանն էլ նրանք պէտք է ներկայ լինեն”,– նշած է Միրզոյեան ընդգծելով, որ ազերպայճանական կողմը կը խեղաթիւրէ համաձայնութիւնները։

Նախարարը տեղեկացուցած է նաեւ, որ սա պահուս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու նոր հանդիպման որեւէ համաձայնութիւն չկայ։