Հայաստան–Ազերպայճան. Սահմանադրութեան հարցը՝ խաղաղութեան համաձայնագրին գլխաւոր խոչընդոտը

Միրզոյեան

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրութիւնը կը շարունակէ բախիլ սահմանադրական հարցին շուրջ տարակարծութիւններու։ Պաքու կը պնդէ, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագրին յղումը հողային պահանջ կը պարունակէ Ազերպայճանի նկատմամբ եւ կը մերժէ ստորագրել համաձայնագիրը, մինչեւ այդ յղումին վերացումը։ Երեւան, իր կարգին, կը վերահաստատէ զայն առանց յապաղումի ստորագրելու իր պատրաստակամութիւնը։

Հոկտեմբեր 27-ին, Ազգային ժողովին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրեն այն ազերպայճանցիներէն, որոնք շուրջ 30 տարի չեն կրցած վերադառնալ իրենց բնակավայրերը։

Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխանի մը հարցումին՝ Միրզոյեան յայտնած է, թէ չի կարծեր, որ այս պահանջը կրնայ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման նոր նախապայման մը դառնալ։ Ան շեշտած է, որ պատերազմին պատճառած ցաւը տակաւին թարմ է երկու կողմերուն համար, սակայն անհրաժեշտ է վերջ տալ հակամարտութեան եւ անցնիլ խաղաղութեան ու գործակցութեան շրջանի մը։

Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 28-ին, խորհրդարանական նոր քննարկումներու ընթացքին, Միրզոյեան ընդդիմութեան առաջարկած է աջակցիլ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը խորհրդարանի հաւանութեան արժանացնելու եւ ապա հանրաքուէի ներկայացնելու նախաձեռնութեան։ Նախարարը յայտարարած է, որ եթէ ժողովուրդը մերժէ նոր Սահմանադրութիւնը, իշխանութիւնները հրաժարական պիտի տան։

Ընդդիմութիւնը, սակայն, հարցականի տակ դրած է սահմանադրական փոփոխութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ հարց տալով, թէ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ անկէ ետք Պաքու նոր պահանջներ պիտի չներկայացնէ։