Կլենտէյլի մէջ հայ եղբայրներ հրդեհէ փրկած են ծերանոցի մը բոլոր բնակիչները

Հրդեհ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, 20-ամեայ Ալեքս Պազինեանն ու անոր 15-ամեայ եղբայրը՝ Նարեկը, իրենց կեանքը վտանգելով, հրդեհուող շէնքէ մը փրկած են վեց տարեցներ։

Դէպքը պատահած է Սեպտեմբեր 11-ին, «Mountain Street»-ի վրայ գտնուող տարեցներու խնամքի կեդրոնի մը մէջ։ Հրշէջները դէպքի վայր ժամանած են ժամը 16.45-ի շուրջ, երբ շէնքը արդէն ամբողջութեամբ մատնուած էր կրակի ու թանձր ծուխի։

Նշմարելով հրդեհը եւ անդրադառնալով, որ շէնքին մէջ մարդիկ արգելափակ մնացած են, եղբայրները անմիջապէս օգնութեան փութացած են։

“Դուրս վազեցի եւ դէպի մուտքի դուռը կը նայէի, երբ դուրսը նշմարեցի հիւանդապահուհին։ Ան կը պոռար եւ օգնութիւն կը խնդրէր”,– կը պատմէ Ալեքս Պազինեան։

Սկիզբը Նարեկ փորձած է պարտէզի ջրասփիւռ խողովակով մարել կրակը, սակայն նկատելով բոցերուն սաստկացումն ու լսելով ներսէն հասնող օգնութեան կանչերը՝ եղբայրները հասկցած են, որ հարկաւոր է ներս մտնել։

“Մեծ սենեակ մը մտայ եւ տեսայ բոլոր տարեցները։ Ոմանք վիրաւոր էին, ոտքերնին արիւնոտ էր։ Մենք բոլորը կարգով դուրս հանեցինք”,– կը նշէ Ալեքս։

Շէնքին մէջ կը գտնուէր ութ հոգի՝ երկու հիւանդապահուհի եւ վեց տարեց, որոնց մեծ մասը անկարող էր ինքնուրոյն քալելու։ Հիւանդապահուհիները փորձած էին դուրս հանել զանոնք, սակայն դժուարութեան մատնուած էին։

Նարեկ կը պատմէ, թէ շէնք մտնելուն պէս նշմարած է տղամարդ մը, որ արդէն վտանգաւոր գօտիին մէջ կը գտնուէր։ Հիւանդապահուհին կը փորձէր ոտքի հանել զայն, իսկ Նարեկ, բռնելով տղամարդուն ոտքերէն, դուրս քաշած է զինք։

“Շուրջս կը նայէի եւ կը տեսնէի, թէ ինչպէս բոցերը կը բարձրանային ու ինծի կը մօտենային։ Կը փորձէի կարելի եղածին չափ արագ դուրս հանել բոլորը։ Ամէն կողմ ծուխ էր, գրեթէ բան չէի տեսներ”,– ըսած է Նարեկ։

Եղբայրները յաջողած են բոլոր՝ վեց տարեցները ապահով դուրս հանել եւ զանոնք փոխադրել շէնքին դիմացի պարտէզը, ուր սպասած են հրշէջներու ժամանումին։ Այս գործողութեան ընթացքին երիտասարդներուն օգնութեան հասած են նաեւ երկու դրացիներ։

Վերջին անձը դուրս հանելէն անմիջապէս ետք, Ալեքս հզօր պայթումի ձայն մը լսած է։ “Շէնքէն պայթումի ձայն մը լսեցի։ Ետ նայեցայ եւ չհասկցայ թէ ինչն էր պայթողը. պարզապէս ուժգին պայթում մըն էր”,– կ՚ըսէ ան։

Դէպքի վայր ժամանած հրշէջները մարած են կրակը՝ կանխելով անոր տարածումը յարակից տուներ։ Կլենտէյլի հրշէջ ծառայութեան պետին համաձայն՝ հաւանաբար թթուածինի շիշ մը պայթած է, որուն հետեւանքով շէնքին մէկ հատուածը փուլ եկած է։

Կը նշուի, որ թեթեւօրէն վիրաւորուած եօթը հոգի հիւանդանոց փոխադրուած է։ Հրդեհին ծագման պատճառները կը մնան հետաքննութեան առարկայ։