Երեւանի մէջ անշարժ գոյքի գիներու աճը կը հասնի ծայրամասային թաղամասեր
Երեւանի անշարժ գոյքի շուկան նոր թափ կ՚առնէ։ Գիներն ու առուծախի գործարքներու թիւը զգալիօրէն կ՚աճին՝ շինարարութեան աշխուժութեան եւ մեծ պահանջարկի պայմաններուն մէջ, յատկապէս Ռուսաստանի քաղաքացիներու եւ Սփիւռքի հայերու կողմէ։
Համաշխարհային դրամատան վերջին տնտեսական զեկոյցին համաձայն, Յուլիսին Երեւանի մէջ բնակարաններու գործարքներուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ գրեթէ կրկնապատկուած է։ Մայրաքաղաքի կեդրոնը գիները տարեկան միջինով աճած են 12,7 տոկոս։ Հաստատութիւնը կ՚ընդգծէ յատկապէս ռուսական եւ սփիւռքեան պահանջարկին դերը այս շարժընթացին մէջ։
Սակայն աճը այլեւս չի սահմանափակուիր միայն կեդրոնական թաղամասերով։ «List.am» անշարժ գոյքի հարթակին վրայ հրապարակուած գիները ցոյց կու տան յատկապէս արագ աճ մը աւանդաբար աւելի մատչելի համարուող շարք մը գօտիներու մէջ։ Օգոստոսին, տարեկան միջինով, անոնք աճած են 28,4 տոկոս՝ Աւանի մէջ, 27 տոկոս՝ Նոր Նորքի եւ 25,5 տոկոս՝ Աջափնեակի մէջ։ Սակայն այս թիւերը կը համապատասխանեն ծանուցումներուն մէջ պահանջուած գիներուն եւ ոչ թէ վաճառքի վերջնական արժէքներուն։
Այս զարգացումը կրնայ արտացոլել պահանջարկի աստիճանական տեղափոխում դէպի ծայրամասեր, քանի որ կեդրոնին մէջ բնակարան ունենալը կը դառնայ աւելի սուղ։ Անիկա կ՚ուղեկցի նաեւ շինարարութեան ոլորտի աշխուժութեամբ, որուն գործունէութիւնը Յուլիսին տարեկան միջինով աճած է 26,5 տոկոս։
Արտաքին պահանջարկը միեւնոյն ատեն կը շարունակէ սնուցել շուկան։ 2022 թուականէն Հայաստան հաստատուած ռուսաստանցիներու մէկ մասը, որ սկզբնական շրջանին ընդհանրապէս վարձակալ էր, այժմ կը միտի գնումներ կատարելու։ Սփիւռքէն եկած գնորդները նոյնպէս ներկայ կը մնան շուկային մէջ, թէ՛ ներդրում կատարելու, թէ՛ ալ իրենց այցելութիւններուն համար բնակարան մը ունենալու կամ Հայաստանի հետ կապը պահպանելու նպատակով։
2022-ի մեծածաւալ ժամանումներուն յառաջացուցած անշարժ գոյքի ցնցումէն ետք՝ այնպէս կը թուի, թէ Երեւանի շուկան այսպէսով կը թեւակոխէ աճի նոր փուլ մը, որ այլեւս նկատելի է մայրաքաղաքի կեդրոնի սահմաններէն շատ աւելի հեռուներն ալ։
