Լեւոն ԺԴ. պապին Ֆրանսա առաջին այցելութեան նախօրակին…

Պապ

…Ուղենիշեր որոնող քաղաքացիական հասարակութեան մը բազմաբնոյթ ակնկալիքները Հռոմի քահանայապետէն

Մինչ Լեւոն ԺԴ. պապը կը պատրաստուի Ֆրանսա իր առաջին այցելութեան (նախատեսուած Սեպտեմբեր 25-էն 28), խանդավառութիւնը մեծապէս կը գերազանցէ զուտ կաթողիկէ շրջանակները։ Որպէս պետութեան ղեկավար եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ անվիճելի բարոյական հեղինակութիւն, անոր խօսքին մեծ ակնկալիքով կը սպասեն քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ դերակատարներ։ 

«La Vie» շաբաթաթերթի Սեպտեմբեր 13-ի թիւին մէջ, տարբեր ոլորտներէ եկող ութ անձնաւորութիւններ արտայայտած են իրենց յոյսերը այն պատգամներուն նկատմամբ, զորս Քահանայապետը կրնայ Ֆրանսայէն յղել աշխարհին։ Աստուածաբանութենէն մինչեւ գիտութիւն, անցնելով մարդասիրական գործունէութենէն եւ տնտեսութենէն, կոչերը կը միտին դէպի արդարութեան եւ մարդկայնութեան պահանջք՝ ժամանակակից մեծ ցնցումներուն դիմաց։

Կլիմայական մարտահրաւէրները կեդրոնական տեղ կը գրաւեն այս ակնկալիքներուն մէջ, յատկապէս օդերեւութաբանական աղէտներով յատկանշուող ամառէ մը ետք, որոնք ծանրօրէն հարուածեցին ամէնէն խոցելի խաւերը։ Պապին ժամանումը զուգադիպելով «Արարչութեան ժամանակ»-ին (Temps pour la Création), շատեր կը յուսան Փարիզի COP 21-ի ընթացքին ստանձնուած յանձնառութիւններու զօրեղ վերյիշեցում մը եւ արդար բնապահական անցումի ջատագովութիւն, ինչ որ բոլորին համար կայուն կենսամիջավայրի իսկական պայմանն է։ Զուգահեռաբար, արհեստական բանականութեան շեշտակի վերելքը բարոյագիտական լուրջ հարցադրումներ կը յառաջացնէ։ Յենլով «Magnifica Humanitas» շրջաբերականին վրայ, գիտական ձայներ կոչ կ՚ուղղեն պապին՝ վերահաստատելու, որ արհեստագիտութիւնը բարոյապէս չէզոք չէ, եւ թէ հրամայական է հարցականի տակ առնել անոր նպատակակէտը՝ նախքան անխուսափելի յառաջդիմութեան պատրանքին անձնատուր ըլլալը։

Ընկերային գետնի վրայ, անհաւասարութիւններու շեշտումն ու արեւմտեան երկիրներու մէջ (ներառեալ Ֆրանսայի) սողացող մանկական աղքատութիւնը խիստ դատապարտում կը պահանջեն՝ յանուն Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան։ Մարդասիրական տագնապներն ալ անտեսուած չեն. մինչ Միջերկրական ծովը կը շարունակէ կեանքեր կուլ տալ ընդհանուր անտարբերութեան մթնոլորտի մը մէջ, ծովային փրկարարական միութիւնները կ՚աղերսեն պապին՝ վերահաստատել մարդկային մեր ընդհանուր արժանապատւութիւնը եւ քանդել գաղթի վերաբերեալ ծայրայեղական հռետորաբանութիւնը։ Միջազգային մակարդակի վրայ, Մերձաւոր Արեւելքի պայթիւնավտանգ իրավիճակը կը պահանջէ խաղաղութեան կշռադատուած խօսք մը, որ կարենայ դատապարտել անարդարութիւնները՝ առանց նոր ճեղքներ սնուցելու կամ համայնքի մը նկատմամբ ատելութիւնը արդարացնելու։ Վերջապէս, մեծ ակնկալիքներ կան նաեւ այնպիսի խիստ անձնական եւ հասարակական հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ կեանքի կամաւոր աւարտին (euthanasie) փոխարէն ամոքիչ խնամքի անվերապահ պաշտպանութիւնը, կամ՝ համամիութենական երկխօսութեան գործնական շարունակութիւնը՝ ի վկայութիւն իսկական եղբայրական սիրոյ…։

Այս ակնկալիքներուն շարքին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սարկաւագ Ֆիլիփ (Սահակ) Սուքիասեանի խօսքը կը շօշափէ վատիկանեան դիւանագիտութեան առնչուող հարցեր։ Ան կ՚ընդգծէ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ողբերգութիւնը եւ խստօրէն կը դատապարտէ Սուրբ Աթոռի վերջին դիւանագիտական կողմնորոշումները։ Հարկ է յիշեցնել, որ Վատիկանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելի սերտացած են, յատկապէս Հէյտար Ալիեւ հիմնադրամին հետ միասնաբար իրականացուող ժառանգութեան վերականգնման ծրագրերով, ինչպէս նաեւ պապին վերջին յայտարարութիւններով, որոնք կ՚ողջունեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Դէմ-յանդիման վատիկանեան այս դիւանագիտութեան, Լեւոն ԺԴ. պապին անմիջականօրէն կոչ կ՚ուղղէ Սուքիասեան, որուն խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Պապին այս այցելութիւնը կը յուզէ զիս, մա՛նաւանդ որ բախտը ունեցած եմ ներկայ գտնուելու Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ի այցելութեան, երբ ան 1986-ին Ֆրանսա ժամանեց։ Լեւոն ԺԴ.-ի այցելութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն է, եւ ես որպէս հայ առաքելական քրիստոնեայ կը միանամ պապը դիմաւորելու այս ուրախութեան. տայ Աստուած, որ անիկա նոր յոյս մը արթնցնէ մեր երկրին մէջ։

Շատ զգածուած եմ այն իրողութեամբ, որ հազիւ ընտրուած՝ պապը դիմեց Արեւելքի Եկեղեցիներուն։ Ան յիշեցուց այն, ինչ որ Արեւելքի քրիստոնեաները տուած էին եւ կու տան Տիեզերական եկեղեցւոյ։ Ան նաեւ ընդգծեց այս Եկեղեցիներուն համար իրենց աւանդութիւնները եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրենց ներկայութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Սակայն այս քրիստոնեաներէն շատեր կը փափաքին այլ ոչինչ, բացի իրենց հողերուն վրայ ապրելէ, բայց ո՞վ իսկապէս ճիգ կը թափէ միջազգային գետնի վրայ, անոնց աջակցելու համար։

Ես նաեւ խորապէս վրդովուած եմ Վատիկանի եւ Ազերպայճանի միջեւ մերձեցումէն։ Անցեալ տարի Հռոմի Գրիգորեան պապական համալսարանը կը հիւրընկալէր Ազերպայճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած գիտաժողով մը, որ առաջարկեց տարածաշրջանի պատմութեան ամբողջովին խեղաթիւրուած (վերատեսական) ընթերցում մը։ Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ Գլաուտիօ Կուճերոթթի ողջունած էր այդ ձեռնարկը եւ կանոնաւոր կերպով հանդիպում կ՚ունենայ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Պէ՞տք է արդեօք յիշեցնել անոր, որ Ալիեւ բռնապետ մըն է, որուն ձեռքերը շաղախուած են հազարաւոր քրիստոնեաներու արիւնով։ Որ ան արմատական ցեղային եւ կրօնական զտումով մը 100 000 հայ քրիստոնեայ վտարեց Լեռնային Ղարաբաղէն։ Յանուն քրիստոնէական բարոյականութեան, Լեւոն ԺԴ. պէտք է հրաժարի այս գործընկերութենէն»։