Էրտողան ՄԱԿ-ի մէջ. «Անգարա-Երեւան հոլովոյթը կ՚ընթանայ ըստ ծրագրուածին»
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր ունեցած ելոյթին յայտարարած է, թէ Անգարա եւ Երեւան շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած են երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին մէջ։
ՄԱԿ-ի ամպիոնէն խօսելով՝ Էրտողան նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ տարուող դիւանագիտական ջանքերը կը յառաջանան ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ծրագրուած էր։ Թրքական պետութեան ղեկավարը նաեւ իր հաստատակամ աջակցութիւնը յայտնած է Հարաւային Կովկասի կայունութեան՝ դրուատելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցուցաբերած քաղաքական վճռակամութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։
