Փաշինեան եւ Էրտողան հանդիպում ունեցած են Նիւ Եորքի մէջ

Էրտո-Փաշ

Երկու ղեկավարները համաձայնած են նոր ազդակ հաղորդել բնականոնացման հոլովոյթին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս՝ Նիւ Եորքի մէջ կայացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը։ Ըստ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի հրապարակած հաղորդագրութեան՝ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործադրումը։

Անոնք ընդգծած են այս հոլովոյթը յառաջ մղելու եւ երկկողմանի կապերուն նոր ազդակ հաղորդելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Այս իմաստով, կողմերը անհրաժեշտ նկատած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանումը, գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու հաստատումը, ինչպէս նաեւ՝ Անիի պատմական կամուրջի միասնաբար վերականգնման ուղղուած աշխատանքներուն հետեւողական իրագործումը։

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։ Փաշինեանն ու Էրտողանը շեշտած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը՝ համոզում յայտնելով, որ անիկա դրական ու էական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանային գործակցութեան զարգացման վրայ։ Այս պարունակին մէջ շեշտուած է «TRIPP» ծրագրի իրագործման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը։