Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան.– «Բերձորի միջանցքը վերահսկողութեան տակ պահելը ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին պարտաւորութիւնն է»

Յունուար 5-ին տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստին սկիզբը խօսք առնելով վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքի փակման հիմնական պատճառը այն է, որ Արցախի Հայերը կը  շարունակեն ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ։

“Մենք աւելի առարկայական քայլեր ենք ակնկալում միջազգային հանրութիւնից ու մասնաւորապէս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախմբից, որը տեղակայուած է Արցախում, եւ Բերձորի միջանցքը վերահսկողութեան տակ պահելը նրա ուղիղ պարտաւորութիւնն է”,– ընդգծած է վարչապետը։