Փաշինեան. «Երկու աթոռի վրայ չենք նստած, այլ՝ նոյն հայկական աթոռին»
“Մենք երկու աթոռի վրայ նստած չենք, մենք նոյն հայկական աթոռին վրայ նստած ենք”,– յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով ռուսական «Վեստի»-ի լրագրողին այն հարցումին, թէ արդեօք Երեւան կը փորձէ՞ ընտրութիւն կատարել ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ եւ երկու աթոռի վրայ նստիլ: Ան Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը բացատրած է հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն վարելու անհրաժեշտութեամբ։ Հարցումին, թէ չի՞ վախնար եւրոպացիներուն կողմէ խաբուելէ, վարչապետը հարց տուած է. “Ինչո՞ւ մեզ խաբեն”։
Միւս կողմէ, «Իզվեստիա»-ին տուած հարցազրոյցին՝ Փաշինեան ընդգծած է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու կամքը, սակայն նշած է, որ Մոսկուայի հետ կապերուն մէջ առարկայական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ան բացատրած է, որ մինչեւ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կեդրոնացած էին անվտանգութեան վրայ, իսկ հիմա անոնք վերափոխման փուլի մէջ են։
