Աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանկեան Instagram-ի, Facebook-ի և Twitter-ի իր էջերով բոլորին կոչ ըրած է իրենց ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածելու Արցախի դրօշը եւ համախմբուելու յանուն Արցախահայութեան, որ «Ազերպայճանի բռնապետին կողմէ անօրինական շրջափակման պատճառով յայտնուած է մարդասիրական աղէտի շեմին»: Ան ընդգծած է, թէ հասած է պահը, որ ԱՄՆ-ու նախագահը եւ իշխանութիւնները ուղղակի ճնշում բանեցնեն Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ:
«Տարածեցէ՛ք այս դրօշը՝ յաջակցութիւն Արցախի: Ալիեւ եւ Ազերպայճանի կառավարութիւնը չեն ուզեր, որ գոյութիւն ունենան այս դրօշը եւ զայն ներկայացնող մարդիկը: Հետեւաբար տարածեցէ՛ք, կազմակերպուեցէ՛ք եւ համախմբուեցէ՛ք յանուն Արցախի: Գործողութիւններու ձեռնարկեցէ՛ք Ալիեւի՝ ցեղային զտման վերջին ջանքերուն դէմ», – նշուած է Թանկեանի գրառման մէջ: