Փաշինեան եւ Փեզեշքեան ընդգծած են տարածաշրջանի խաղաղութեան կարեւորութիւնը

Փաշ-Փեզ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ:

Հայաստանի կառավարութեան համաձայն՝ ղեկավարները ընդգծած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման կարեւորութիւնը: Կողմերը անդրադարձած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, ինչպէս նաեւ քննարկած են երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն ու զանոնք ընդլայնելու միտող քայլերը: