«Պաչիկ». Հայկական շունչ մը փարիզեան օծանելիքի աշխարհին մէջ
Գլարա Պոյաճեանի եւ Ժանէլ Պոլաթովայի կողմէ Փարիզի մէջ հիմնուած պինդ օծանելիքի (parfum solide) այս նոր ապրանքանիշը կը ներշնչուի իր հիմնադիրներուն հայկական եւ ղազախական արմատներէն: Գործարարական արկածախնդրութիւն մը, ուր յուշերն ու անձնական ժառանգութիւնները կը սնուցանեն ստեղծագործութիւնը:
«Պաչիկ» (Batchig). քնքշանքով լեցուն անուն մը օծանելիքի այս նոր տան համար։ 2026-ին Փարիզի մէջ սկիզբ առած ապրանքանիշը կ՚առաջարկէ բուրմունքներ՝ մատներու ծայրով քսուող բալասանի (քսուքի) ձեւով: «Վերցուր, տաքցուր, համբուրէ» (Pick, Warm, Kiss). ծիսակարգը կը կայանայ քիչ մը քսուք առնելու, մատներուն միջեւ տաքցնելու եւ ապա մորթին վրայ քսելու մէջ: Անուան այս ընտրութիւնը արձագանգն է Գլարա Պոյաճեանի հայկական արմատներուն, որ ընկերութիւնը հիմնած է ղազախական ծագումով իր ընկերուհիին՝ Ժանէլ Պոլաթովայի հետ:

Երկու կիները կը ծանօթանան 2013-ին՝ Փարիզի մէջ իրենց ուսանողական տարիներուն, նախքան միասին աշխատիլը «Sézane» նորաձեւութեան տան մէջ։ Այսպէսով, նորաձեւութեան մարզին մէջ անոնց փորձառութիւնը կը նախորդէ օծանելիքի աշխարհ մուտքին։ 2023-ին, Ֆլորանսի մէջ կեցութեան մը ընթացքին է, որ անոնք կը սկսին պատկերացնել օծանելիք մը, որ մարդուն ուղեկցէր դիմացկուն առարկայի մը մէջ։ Պրպտումի եւ զարգացման փուլէ մը ետք, ծրագիրը մարմին կ՚առնէ երեք բուրմունքներէ բաղկացած առաջին հաւաքածոյով մը:

Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ ծիրանի ու թէյի նշոյլներով «Cœur d’Abricot»-ն (Ծիրանի սիրտ), ծովային բոյրով «Medusa»-ն եւ փայտածուխն ու նուշի կաթը միատեղող «Charcoal Latte»-ն։ Հայաստանի ծիրանենիներն ու Կասպից ծովը վերյիշեցնող այս բաղադրութիւնները կը սնանին երկու ստեղծագործողներու արմատներէն ու անոնց ճամբորդական փորձառութիւններէն:
Ֆրանսայի մէջ արտադրուած եւ «Studio Flair»-ի օծանելիքի մասնագէտներուն հետ պատրաստուած այս քսուքները կը ներկայացուին քարով զարդարուած եւ վերալեցուող գեղեցիկ տուփերու մէջ։ Ապրանքանիշը կ՚ընդգծէ անոնց բուսական (végane) եւ ալքոլ չպարունակող յատկութիւնները:
