Ազգերու Լիկա. Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2-0 հաշուով յաղթեց Լաթվիոյ՝ յաջողութեամբ սկսելով մրցաշարքը

ՀՀ հաւաքական

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25-ին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ 2026-2027 տարեշրջանի ԻՒԷՖԱ-ի Ազգերու Լիկայի «Գ.» դասակարգի մրցաշարքը՝ 2-0 հաշուով յաղթելով Լաթվիոյ ընտրանիին:

Հանդիպումին 31-րդ վայրկեանին, Էդուարդ Սպերցեանի իրագործած անկիւնային հարուածէն ետք, Գէորգի Յարութիւնեան գլխու դիպուկ հարուածով բացաւ հաշիւը՝ նշանակելով ազգային հաւաքականի մարզաշապիկով իր առաջին կոլը: Մրցումի 75-րդ վայրկեանին, Հայաստանի հաւաքականէն ներս իր նորամուտը նշող Արթուր Ղարիպեան կրկնապատկեց հայկական կազմին առաւելութիւնը:

Յատկանշական է, որ Մոսկուայի «Ռոտինա» ակումբի 20-ամեայ յարձակողը հաւաքական հրաւիրուելէ ետք, Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան (ՀՖՖ) ալիքին տուած հարցազրոյցին խոստացած էր իր խաղով անպայման ուշագրաւ դառնալ Լաթվիոյ դէմ: Պահեստայիններու նստարանէն դաշտ մտնելով՝ ան գործնականապէս արդարացուց իր խոստումը:

Գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանի առաջնորդած կազմը ամբողջ մրցումի տեւողութեան վերահսկեց խաղին՝ արձանագրելով գնդակի տիրապետման 60 առ հարիւր համեմատութիւն մը, իսկ դէպի մրցակիցի դարպասը կատարուած հարուածներով՝ 13-4 յարաբերութիւն մը: Այս արդիւնքով, Հայաստան գրաւեց իր խմբակին առաջին դիրքը:

Հայաստանի հաւաքականը իր յաջորդ հանդիպումը պիտի կատարէ Սեպտեմբեր 28-ին՝ հիւրընկալելով Մոնթենեկրօն, իսկ Նոյեմբերին պիտի մրցի Կիպրոսի եւ դարձեալ Լաթվիոյ դէմ: