44-օրեայ պատերազմէն վեց տարի ետք
Screenshot
Վեց տարի առաջ այս օրը՝ 2020 Սեպտեմբեր 27-ին, առաւօտ կանուխ, Ազերպայճան լայնածաւալ յարձակում սանձազերծեց Արցախի դէմ։ 44 օր տեւած այդ պատերազմը աւարտեցաւ հայկական կողմի ծանր պարտութեամբ։
Վերջին պաշտօնական տուեալներով, պատերազմին հայկական կողմը տուած է 3833 զոհ, որոնցմէ 3755-ը՝ զինուորականներ, իսկ 78-ը՝ քաղաքացիական անձեր են։ Վեց տարի ետք տակաւին անյայտ կը մնայ 191 հոգիի գտնուելու վայրը. անոնցմէ 172-ը զինուորականներ են, իսկ 19-ը՝ խաղաղ բնակիչներ։
Շուշիի անկումէն ետք՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ին, Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ համաձայնագրով հրադադար հաստատուեցաւ։ Բացի գրաւեալ տարածքներէն, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցան նաեւ Ակնայի, Քարվաճառի եւ Բերձորի շրջանները։ Արցախի շփման գիծին եւ Բերձորի միջանցքին երկայնքով տեղակայուեցան Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Այդուհանդերձ, ինը կէտերէ բաղկացած եռակողմ յայտարարութեան շարք մը դրոյթները, ինչպէս օրինակ՝ տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակումը, մնացին թուղթի վրայ։ Անկատար մնաց նաեւ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ռուսական խաղաղապահ ուժերու յանձնառութիւնը. թերացում մը, որ յանգեցաւ իր հազարամեայ բնօրրանէն այս ժողովուրդի ամբողջական տեղահանութեան։
Արդարեւ, երեք տարի ետք՝ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին, նոր լայնածաւալ ռազմական յարձակումով մը Ազերպայճան բացարձակ վերահսկողութիւն հաստատեց Արցախի նկատմամբ, որուն հետեւանքով շրջանը հիմնովին հայաթափուեցաւ, իսկ Պաքուի ուժերը գերեվարեցին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։
