«Զուարթնոց»-ի նոր կայանի նախագիծը
Corporación América Airports-ի գլխաւոր տնօրէն Մարտին Էռնէկեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է «Զուարթնոց» օդակայանի ճամբորդներու նոր կայանի նախագիծը։

Ներկայացուած յատակագծին համաձայն՝ օդակայանի հին բոլորաձեւ կայանը պիտի պահպանուի եւ միացուի նոր համալիրին՝ դառնալով անոր բաղկացուցիչ մասը։
Նշենք, որ վերանորոգման այս ծրագիրը բուռն արձագանգ յառաջացուցած էր, յատկապէս հին բոլորաձեւ կայանի պահպանութեան կողմնակիցներուն մօտ, որոնք կառոյցը կը համարեն մերօրեայ ճարտարապետական ժառանգութեան խորհրդանշական մէկ մասը։
