Վահրամ Սահակեանի դէմ քրէական հետապնդում

Vahram Sahakian

Գրող եւ թատերագիր Վահրամ Սահակեան Սեպտեմբեր 29-ին ձերբակալուած է՝ 2025 Յունուար 8-ին Դիմագիրքի իր էջին վրայ կատարած հրապարակումին առնչութեամբ բացուած քննութեան ծիրին մէջ։

Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ հրապարակումը կը պարունակէ ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն եւ թշնամանք հրահրելու կամ քարոզելու տարրեր։ Մարմինը իր գնահատականը կը հիմնէ Սեպտեմբեր 1-ին ստացուած փորձագիտական եզրակացութեան վրայ։ Սահակեանի դէմ հանրային քրէական հետապնդում սկսած է Քրէական օրէնսգիրքի 329-րդ յօդուածով։ 

Երեւանի քրէական դատարանը այնուհետեւ Սահակեանի նկատմամբ սահմանած է վարչական հսկողութիւն։ Անոր փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանի համաձայն՝ դատարանը Սահակեանին արգիլած է ընկերային ցանցերու վրայ կատարել հանրային հրապարակումներ, բացառութեամբ անոր մասնագիտական գործունէութեան առնչուող գրառումներուն։ Այսպէսով դատարանը քննիչին դիմումին ընդառաջած է մասամբ։ 

Քննչական կոմիտէն չէ հրապարակած խնդրոյ առարկայ գրառման ամբողջական բովանդակութիւնը։ Նախաքննութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի պարզէ, թէ հրապարակուած խօսքը կը համապատասխանէ՞ իրեն վերագրուող յանցանքի յատկանիշերուն։ Սահակեան անմեղ կը նկատուի, մինչեւ որ անոր մեղաւորութիւնը հաստատուի դատավճիռով։