Երեւան. կռունկի փլուզումէն երեք զոհ
Երեք հոգի մահացած է Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29-ին, Երեւանի Տիչինա փողոցին վրայի շինհրապարակներէն մէկուն մէջ կռունկի մասնակի փլուզման հետեւանքով։
Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ փրկարար ծառայութիւնը ահազանգը ստացած է յետմիջօրէի սկիզբը։ Դէպքի վայր ուղարկուած են հրշէջներ եւ մասնագիտացած փրկարարական խումբ։
Նախնական տեղեկութիւններով՝ արկածը պատահած է կռունկի կազմաքանդման աշխատանքներուն ընթացքին։ Զոհերէն մէկը Հայաստանի, իսկ երկուքը Իրանի քաղաքացիներ են։
Դէպքի վայր հասած են նաեւ Քննչական կոմիտէի քննիչներ։ Փլուզման ճշգրիտ պատճառներն ու հանգամանքները տակաւին կը քննուին։
