Շուրջ 50 միլիոն եւրօ՝ Վանաձորի եւ Իջեւանի մարզադաշտերուն համար
Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Վանաձորի եւ Իջեւանի մէջ ԻՒԷՖԱ-ի 4-րդ կարգի երկու ֆութպոլի մարզադաշտերու կառուցման ու վերակառուցման ծրագրին։ Երկու մարզադաշտերն ալ պիտի կարենան ընդունիլ առնուազն 10 հազար հանդիսական եւ նախատեսուած են 2029-ի մինչեւ 20 տարեկաններու ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութեան համար, զոր Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի հետ։
Ծրագիրը կառավարութեան Հոկտեմբեր 1-ի նիստին ներկայացուցած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Ան յայտնած է, որ ախոյեանութեան 52 մրցումներէն կէսը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան. Երեւանի մէջ նախատեսուած է 15-17 մրցում, իսկ Իջեւանի եւ Վանաձորի մէջ՝ ընդհանուր 9-11 հանդիպում։
Վանաձորի ներկայի մարզադաշտը ամբողջովին պիտի վերակառուցուի, մինչ Իջեւանի նոր մարզադաշտը պիտի կառուցուի Գետահովիտ բնակավայրին մէջ։ Աշխատանքները ստանձնելիք VenueEra Holding ընկերութիւնը նախատեսած է զանոնք ամբողջացնել 24 ամսուան ընթացքին՝ մինչեւ 2028-ի վերջը։ Միջազգային կանոններուն համաձայն՝ մարզադաշտերը պէտք է պատրաստ եւ պաշտօնապէս վաւերացուած ըլլան առնուազն վեց ամիս առաջ՝ մինչեւ 2029 Մարտ։
Երկու մարզադաշտերուն համար համաձայնուած գումարը շուրջ 50 միլիոն եւրօ է՝ առանց հարկերու, ներածման տուրքերու եւ մաքսատուրքերու։ Վանաձորի մարզադաշտին համար նախատեսուած է 22,55 միլիոն, իսկ Իջեւանի համար՝ 27,17 միլիոն եւրօ։ Յաւելեալ 2,5 միլիոն եւրօ նախատեսուած է շինանիւթերու գիներու հաւանական փոփոխութիւններուն համար։
