Երեւանի մէջ սկսած է «Աղօթքի նախաճաշ 2026»-ը

Փօլա

Վարչապետ Փաշինեան կ՚ընդունի Փօլա Ուայթ-Քէյնը

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 2-ին սկսած է «Աղօթքի նախաճաշ 2026»-ը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են տարբեր երկիրներէ քաղաքական, հասարակական եւ կրօնական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։ Երկօրեայ հանդիպումին առանցքը հաւատքի եւ հանրային կեանքի փոխյարաբերութիւնն է, իսկ ծրագրին մէջ ընդգրկուած են կրօնական ազատութեան, հասարակական պատասխանատւութեան եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան վերաբերող քննարկումներ, միասնական աղօթք եւ հանդիպումներ։ 

Այս առիթով Հայաստան ժամանած ամերիկացի բարձրաստիճան հիւրերէն են Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակի աւագ խորհրդական Փօլա Ուայթ-Քէյն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի նախագահ Ասիֆ Մահմուտ։ Վերջինս կը գլխաւորէ USCIRF-ը՝ անկախ եւ երկկուսակցական դաշնակցային մարմին մը, որ կը հետեւի արտասահմանի մէջ կրօնի կամ համոզումի ազատութեան կացութեան եւ համապատասխան առաջարկներ կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ու նախագահին, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գոնկրէսին։ 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 1-ին առանձին հանդիպումներ ունեցած է երկու հիւրերուն հետ։ Փօլա Ուայթ-Քէյնի հետ հանդիպման ընթացքին ան կարեւոր նկատած է Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակին հետ հաստատուած երկխօսութիւնը եւ Ուայթ-Քէյնի մասնակցութիւնը Հայաստանի երկրորդ «Աղօթքի նախաճաշ»-ին։ Իր կարգին, ամերիկացի խորհրդականը յայտնած է, որ իրենք հետաքրքրուած են թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ սերտ գործակցութեամբ։ 

Փաշինեան նաեւ ընդունած է Ասիֆ Մահմուտը՝ շնորհաւորելով զայն 2026-2027 շրջանին համար Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի նախագահ ընտրուելուն առիթով։ Վարչապետին համաձայն՝ «Աղօթքի նախաճաշ»-ը առիթ մըն է տարբեր երկիրներու եւ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչները համախմբելու խաղաղութեան, մարդկային արժանապատւութեան եւ հանրային ծառայութեան գաղափարներուն շուրջ։ 

Փօլա Ուայթ-Քէյն սերտօրէն առնչուած էր նաեւ Սեպտեմբեր 16-ին Սպիտակ տան մէջ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւոր առաջնորդներուն հանդիպման կազմակերպման։ Այդ հանդիպումը կայացած էր Հայաստանի դեսպանատան եւ Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակին գործակցութեամբ։ 

Հայաստանի «Աղօթքի նախաճաշ»-ը այս տարի կը կազմակերպուի երկրորդ անգամ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 3։