Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախը ամբողջովին շրջափակուած կը մնայ եւ միայն Կարմիր խաչն ու ռուս խաղաղապահներու զօրակազմը ելեւմուտքի կարելիութիւն ունին

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնի յայտարարութիւնը

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ շուրջ 40 օր է, որ ազերպայճանական կողմի ապակառուցողական կեցուածքին պատճառով փակ կը մնայ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան։ Շրջափակման ընթացքին հնարաւոր չէ եղած հազարաւոր թոն կենսական նշանակութեան ապրանքի մատակարարումը, իսկ Միջազգային Կարմիր խաչի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ Արցախ հասցուող ապրանքները շատ չնչին են։

«Այս ընթացքում Արցախի Հանրապետութեան տարբեր գերատեսչութիւններ՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր հայրենակիցներից, տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններից ու կառոյցներից բազմաթիւ հեռաձայներ են ստանում՝ Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու ցանկութեամբ, սակայն տեղեկացնում ենք, որ Արցախը շարունակում է մնալ լիակատար շրջափակման մէջ եւ մինչ այս պահը միայն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ու Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմը Արցախ ելք եւ մուտք իրականացնելու հնարաւորութիւն ունեն, իսկ համացանցում տարածուող որեւէ այլ տեղեկութիւն իրականութեան չի համապատասխանում։

Տեղեկացնում ենք նաեւ, որ Արցախի պետական գերատեսչութիւնների հետ չհամաձայնեցուած որեւէ դրամահաւաք առնուազն խնդրայարոյց է, իսկ ճանապարհի փակման հետեւանքով Հայաստան գտնուող Արցախի քաղաքացիների խնդիրներով զբաղւում է Հայաստանի կառավարութեան կողմից ստեղծուած աշխատանքային խումբը՝ Արցախի պատկան գերատեսչութիւնների հետ փոխգործակցութեամբ»,– նշուած է Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնի յայտարարութեան մէջ, ուր ընդգծուած է, թէ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան, հետեւեալ թիւերով. 044 249 977 – 044 249 988:

Արցախի մէջ շուրջ 20.000 երախայ զրկուած է կրթութիւն ստանալու կարելիութենէ

Արցախի Տեղեկատուական կեդրոնին համաձայն՝ Հանրապետութեան տարածքին ընդհանուր առմամբ դադրեցուած է 117 դպրոցներու գործունէութիւնը։ Ատոր հետեւանքով շուրջ 20.000 երախայ զրկուած է կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէ: