Հայաստանը ներկայացնող Ալինա Չարաեւա Փեքինի մէջ յաղթեց աշխարհի թիւ 1 Էլէնա Ռիբակինային

Չարաեւա

Հայաստանը ներկայացնող Ալինա Չարաեւա նշանակալի յաղթանակ մը արձանագրեց Փեքինի China Open թէնիսի մրցաշարքին՝ երկրորդ շրջանին պարտութեան մատնելով աշխարհի թիւ 1-ը՝ Էլէնա Ռիբակինան։

Համաշխարհային դասակարգման 118-րդ դիրքը գրաւող 24-ամեայ Չարաեւա առաջին խաղափուլը կորսնցնելէ ետք յաջողեցաւ շրջել հանդիպումին ընթացքը եւ յաղթել 3-6, 6-4, 6-3 արդիւնքով։ Հանդիպումը տեւեց երկու ժամ եւ 11 վայրկեան։

Այս յաղթանակով Չարաեւա բացառիկ ցուցանիշ մը արձանագրեց։ WTA-ի համաձայն՝ ան աշխարհի թիւ 1-ին յաղթած՝ դասակարգման ամենացած դիրքը գրաւող մարզուհին է, որ յաջողած է այդ ընել առաջին խաղափուլը կորսնցնելէ ետք։ Ան նաեւ 1975-ին WTA-ի դասակարգման հաստատումէն ի վեր առաջին հարիւրեակէն դուրս գտնուող ընդամէնը իններորդ խաղացողն է, որ յաղթած է աշխարհի թիւ 1-ին։

Չարաեւայի համար յաղթանակը առաւել ուշագրաւ է նաեւ այն պատճառով, որ ասիկա միայն իր 17-րդ հանդիպումն էր WTA-ի գլխաւոր մրցաշարքին մէջ։

Ռիբակինա, որ այս տարի նուաճած էր Աւստրալիոյ բաց ախոյեանութեան եւ US Open-ի տիտղոսները, Սեպտեմբեր 14-ին առաջին անգամ բարձրացած էր աշխարհի դասակարգման առաջին դիրքը։ Փեքինի հանդիպումը անոր առաջին մրցումն էր աշխարհի թիւ 1-ի կարգավիճակով։ Ան դարձաւ WTA-ի պատմութեան միայն երկրորդ խաղացողն է, որ առաջին իսկ հանդիպումին պարտութիւն կը կրէ՝ դասակարգման առաջին դիրքը ստանձնելէ ետք։

Սամարայի մէջ ծնած Չարաեւա նախապէս կը ներկայացնէր Ռուսաստանը։ 2026 Յուլիսին, «Keron Development Foundation»-ի եւ Հայաստանի Թենիսի դաշնակցութեան աջակցութեամբ, ան ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ սկսաւ միջազգային մրցումներուն հանդէս գալ Հայաստանի դրօշին տակ։

Տարուան սկիզբը ան նաեւ իր առաջին WTA 125 տիտղոսը նուաճած էր Միացեալ Նահանգներու Միտլընտ քաղաքին մէջ։

Յաղթանակէն ետք Չարաեւա ըսաւ, որ իրեն համար այդ պահը «իրականացած երազի մը նման» էր՝ ընդգծելով, որ ամբողջ հանդիպման ընթացքին շարունակած էր հաւատալ, թէ կրնայ փոխել խաղին ընթացքը։

Երրորդ հանգրուանին Չարաեւայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մեծն Բրիտանիան ներկայացնող Սոնայ Քարթալը (հօրը կողմէ թուրք)։ Յաղթանակի պարագային ան պիտի հասնի մրցաշարքի վերջին 16-ի փուլ։