Ֆրանսայի լիսէներուն բողոքի ալիքը կը ծաւալի

լիսէ

Կրթական պահանջներէն մինչեւ բախումներ եւ հազարաւոր ձերբակալութիւններ

Ֆրանսայի մէջ Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն սկսած լիսէական բողոքի շարժումը քանի մը օրուան ընթացքին տարածուեցաւ ամբողջ երկրին մէջ՝ սկզբնական կրթական պահանջներէն աստիճանաբար վերածուելով լայնածաւալ ճգնաժամի, որուն ընկերացան դպրոցներու շրջափակումներ, ոստիկանութեան հետ բախումներ, հրկիզումներ, վանդալական արարքներ եւ հազարաւոր ձերբակալութիւններ։ 

Շարժումին մեկնակէտը Փարիզի արուարձաններէն Գրէթէյլի Saint-Exupéry լիսէն էր։ Դպրոցական տարեշրջանի սկիզբէն հաստատութեան մէջ բաց կը մնային ուսուցիչներու եւ այլ անձնակազմի շարք մը պաշտօններ։ Աշակերտներն ու անձնակազմը բողոքած էին ուսուցիչներու, հիւանդապահուհիի եւ վերահսկող անձնակազմի պակասին, ինչպէս նաեւ ուսման անբաւարար պայմաններուն դէմ։ Այնուհետեւ շարժումը արագ տարածուած էր այլ լիսէներ՝ մեծ մասամբ ընկերային ցանցերու միջոցով։ 

Շարժումի ծաւալման զուգահեռ՝ ծաւալեցան նաեւ պահանջները։ Լիսէականները կը բողոքեն բացակայ ուսուցիչներու չփոխարինուելուն, անձնակազմի պակասին, գերխճողուած դասարաններուն, կրթական շէնքերու անմխիթար վիճակին, չափազանց ծանրաբեռնուած դասացուցակներուն եւ Parcoursup-ի (բարձրագոյն ուսման ընդունելութեան հարթակ) ստեղծած հոգեբանական ճնշումին դէմ։ Շատեր կ’արծարծեն նաեւ կրթական անհաւասարութեան խնդիրը՝ շեշտելով, որ Փարիզի արուարձաններուն եւ աւելի համեստ թաղամասերուն մէջ ուսանող աշակերտները զրկուած են այն նպաստաւոր պայմաններէն, զորս կը վայելեն բարեկեցիկ շրջաններու իրենց հասակակիցները։

Տեղական բնոյթ կրող սկզբնական բողոքի ցոյցերը քանի մը օրուան ընթացքին վերածուեցան համազգային շարժումի։ Հոկտեմբեր 1-ին եւ 2-ին արդէն հարիւրաւոր լիսէներ փակուած էին կամ անոնց մէջ դասաւանդութիւնը խաթարուած էր, իսկ շարժումին այս կամ այն կերպով ընդգրկուած հաստատութիւններուն ընդհանուր թիւը գերազանցած էր հազարը։ Միայն Հոկտեմբեր 2-ին Կրթութեան նախարարութիւնը արձանագրած էր 564 հաստատութիւն, ուր դասերու բնականոն ընթացքը խանգարուած էր, մինչ շուրջ 400 լիսէ փակ մնացած էր՝ անվտանգութեան նկատառումներով։

Սակայն շարժումը տեղ-տեղ դուրս եկած է խաղաղ բողոքի սահմաններէն։ Որոշ լիսէներու առջեւ արձանագրուած են հրկիզումներ, հրավառութեան հրթիռներու գործածութիւն, շէնքերու եւ մուտքերու վնասում, ինչպէս նաեւ բախումներ ոստիկանութեան հետ։ Աշակերտական շարք մը ներկայացուցիչներ իրենք եւս դատապարտած են այդ արարքները՝ նշելով, որ դպրոցներուն վնասող անձերը երբեմն նոյնիսկ տուեալ հաստատութեան աշակերտները չեն եւ վնաս կը հասցնեն բուն շարժումին։ 

Ոստիկանութեան միջամտութիւններն ալ իրենց կարգին բուռն վէճի պատճառ դարձած են։ Գործածուած են արտասուաբեր կազ, եղած են ոստիկանական յարձակումներ, տեղի ունեցած են զանգուածային ձերբակալութիւններ, շարք մը դեռահասներ վիրաւորուած են։ Ուսուցիչներու արհմիութիւններ եւ իրաւապաշտպան շրջանակներ ոստիկանութեան գործելակերպը համարած են անհամաչափ։ Իշխանութիւնները, իրենց կարգին, կը պնդեն, որ ոստիկանութիւնը ստիպուած է հակազդելու բռնարարքներուն եւ շարժում ներթափանցած «վնասարար» խմբակներուն։ 

Հոկտեմբեր 3-ի տուեալներով՝ վերջին օրերուն շուրջ 5.000 հոգի ձերբակալուած է, մեծ մասը՝ դեռահասներ. աւելի քան 600 ոստիկան վիրաւորուած է։ Իշխանութիւնները նիւթական վնասները կը գնահատեն տասնեակ միլիոնաւոր եւրօ։

Կառավարութիւնը շարժումին քաղաքական շահագործման մասին եւս կը խօսի՝ յատկապէս ամբաստանելով «La France insoumise» կուսակցութիւնը (LFI), բողոքներուն մօտէն մասնակցելու եւ լարումը սաստկացնելու մեղադրանքներով։ Մինչ LFI-ն յայտարարած է, թէ աշակերտներու կողքին է եւ կը պաշտպանէ անոնց կրթական պահանջները, կուսակցութեան պարագլուխը՝ Ժան-Լիւք Մելանշոն յստակօրէն դատապարտած է բռնութիւնը։

Տագնապին խորացումէն ետք, Կրթութեան նախարար Էտուար Ժեֆրէ Հոկտեմբեր 2-ին հանդիպած է լիսէական կազմակերպութիւններու, ծնողներու եւ կրթական արհմիութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան խոստացած է արագացնել բացակայ ուսուցիչներու փոխարինումը եւ քննարկում բանալ դասացուցակներու ու աշակերտական մասնակցութեան հարցերուն շուրջ։ Աշակերտական եւ արհմիութենական կազմակերպութիւնները, սակայն, յայտարարած են, որ առայժմ բաւարար շօշափելի միջոցներ չեն տեսներ։ 

Յամենայն դէպս, այնպէս կը թուի, թէ շարժումը տակաւին հեռու է իր աւարտէն։ Union Syndicale Lycéenne-ը եւ Union Étudiante-ը Հոկտեմբեր 6-ի համար համազգային նոր զօրաշարժի եւ ցոյցերու կոչ ուղղած են, որոնց իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ կրթութեան շարք մը արհմիութիւններ։ 

Թրքական համայնքին ուղղուած՝ դրօշ չպարզելու կոչ

Ինչպէս վերեւ ալ նշուած է, անհերքելի իրականութիւն է, որ շարժումը քաղաքականացուած է (եթէ չէ ծագած քաղաքական դրդումներով իսկ), ինչպէս բոլոր շարժումներու պարագային։ Նման պայմաններ «տօն»-ի համազօր են պատեհապաշտներուն համար, քանի ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական ասացուածքը, «գայլը մշուշոտ օդը կը սիրէ»։ Եւ, այնպէս կը թուի, թէ «գորշ գայլիկներ» ալ մշուշոտ օդէն օգտուելով, ցոյցերու, միջադէպերու ընթացքին թրքական դրօշներ պարզած են,– եւ ըստ երեւոյթին՝ ոչ միայն դրօշ պարզած,– շփոթելով պաշտպանուած դատն ու ազգայնականութիւնը (վկայ՝ վարի կոչին մէջ «[այս դէպքերը] որեւէ կապ չունին մեր [թրքական] ծագումին կամ [մեր] համայնքին հետ» նշումը)։ 

Ի տես այս երեւոյթին, ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառութեան դրուած է ստորեւ տրուած՝ «Ուղերձ թրքական համայնքին» խորագրեալ հրապարակումը, որ հանդարտութեան եւ պատասխանատւութեան կոչ կ՚ուղղէ Ֆրանսայի տարբեր լիսէներու առջեւ տեղի ունեցող դէպքերուն մասնակից թուրք երիտասարդներուն եւ անոնց ծնողներուն։

Յատկապէս կը խնդրուի նման իրավիճակներու մէջ չպարզել եւ յառաջ չմղել թրքական դրօշը, որպէսզի «որեւէ սադրանք կամ շփոթ» չստեղծուի։

Հրապարակումը նաեւ կը շեշտէ, որ տեղի ունեցող դէպքերը «որեւէ կապ չունին մեր (թրքական) ծագումին կամ [մեր] համայնքին հետ» եւ կ՚աւելցնէ. «Այդ չի ցոլացներ մեր պատկերը» (« Nous ne sommes pas cette image-là »)։

Ծնողներուն եւս կոչ կ՚ուղղուի իրենց զաւակներուն հետ խօսելու եւ զանոնք քաջալերելու, որ հանդարտ ու պատասխանատու վարքագիծ որդեգրեն։ Կոչը կ՚աւարտի՝ «բոլորին հանգստութեան համար՝ բոլորս պատասխանատու ըլլանք» պատգամով։

Այս կոչէն կարելի է հետեւցնել երկու վարկած։ Կա՛մ թուրք աշակերտներ եւ անոնց ծնողները աշխուժ «ներդրում» ունեցած են անկարգութիւններուն մէջ,– ինչ որ խիստ հաւանական է, դատելով՝ «Այդ չի ցոլացներ մեր պատկերը» ինքնարդարացնող խոստովանութենէն,– եւ անոնց իսկապէս կը թելադրուի զուսպ մնալ, կա՛մ ալ զուսպ մնալու այս ձեւական կոչին ետին թաքնուած գլխաւոր մտահոգութիւնը զուտ թրքական դրօշն ու ինքնութիւնը հնարաւոր հակահարուածներէ խնայելն է։ Այլ խօսքով՝ «եթէ պիտի շարունակէք, առանց դրօշ ցուցադրելու շարունակեցէ՛ք ձեր գործը»։