Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն կը հաղորդեն, որ Թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ առաջնորդական տեղապահ, Պալքանեան երկիրներու Հայրապետական պատուիրակ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի հանդիսապետութեամբ, Յունուար 22-ին, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Սուրբ պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է «Ակօս»-ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի, Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու, ինչպէս նաեւ քանի մը օր առաջ Գեղարքունիքի մէջ ծագած հրդեհին զոհ գացած 15 զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Սերկէյ Մինասեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, թեմական ու ծխական խորհուրդներու անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
«Հրանդ Տինք վառ անհատականութիւն էր, որ բոլոր ամպիոններէն կը պահանջէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չհերքել պատմական իրողութիւնը եւ մերժողական դիրքորոշմամբ յանցակից չդառնալ երիտթուրքական ու օսմանեան իշխանութիւններուն: Սակայն ժամանակակից Թուրքիոյ պետերը ընտրեցին խնդրի լուծման այլ ճանապարհ՝ սպանութեան, ոճրագործութեան եւ լուսաւոր գաղափարներ կրող վառ անհատականութիւնը լռեցնելու ոճրային ու անմարդկային ճամբան: Բայց այս քաղաքական ու գաղափարական սպանութիւնը, ի հեճուկս Թուրքիոյ իշխանութիւններու, ամբողջովին հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ: Հրանդ Տինք հարիւր հազարաւոր գաղափարակիցներ ունեցաւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ աշխարհի զանազան անկիւնները, նաեւ՝ բազում թուրք գաղափարակիցներ, որոնք այսօր ալ կը պայքարին աւելի ժողովրդավար ու քաղաքակիրթ երկիր ունենալու երազին համար:
Իսկ 1990 Յունուար 13-19-ը Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ջարդը, հայ ընտանիքներու հրէշային սպանութիւնները եւ արտաքսումը ըստ ամենայնի կրնանք կոչել ցեղասպանութիւն։ Ռումանիոյ Հայոց թեմը եւ Ռումանահայութիւնը կը յիշեն իրենց եղբայրներու եւ քոյրերու հրէշային սպանութիւնը, միաժամանակ կը յիշեցնեն աշխարհին եւ այդ արհաւիրքը դատապարտելու կոչ կ՚ընեն։ Այսօր ալ Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ թշնամիի ձեռագիրը չէ փոխուած, աւելի՛ն՝ անփոփոխ մնացած է նաեւ նպատակը:
Մենք գլուխ կը խոնարհինք Պաքուի անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ եւ լիայոյս ենք, որ հայ ժողովուրդի հանդէպ կատարուած յանցագործութիւններն ու ոճրագործութիւնները կ՚արժանանան համապատասխան գնահատականի եւ կը դատապարտուին համայն մարդկութեան կողմէ:
Կ՚աղօթենք բոլոր նահատակներու հոգիներու հանգստութեան ու խաղաղութեան համար՝ հայցելով Բարձրեալն Աստուծոյ ողորմութիւնը: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն»,– նշուած է թեմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: