ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հրատապ օժանդակութիւն տրամադրել Արցախի հակամարտութենէն տուժածներուն։
Այս անգամ, աջակցութիւնը տրամադրուած է 2022 Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն Արցախի հակամարտութեան հետեւանքով տեղահանուած եւ Սիւնիքի մարզ հաստատուած 22 ընտանիքի (8700 քկ. անասնակեր՝ 5 ընտանիքի եւ 6200 քկ. թռչնակեր՝ 17 ընտանիքի)։
Սոյն ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։