Հայաստանի ներդրումային եւ ֆինանսական երկրորդ համաժողովը համախմբած է շուրջ 1000 մասնակից
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ներդրումային եւ ֆինանսական երկրորդ համաժողովը՝ «Հնարաւորութիւններու ժամանակը․ Հայաստանը՝ համաշխարհային շուկաներու նոր ճարտարապետութեան մէջ» խորագրով։
Համաժողովին մասնակցած են շուրջ 1000 ներկայացուցիչներ՝ պետական կառոյցներէ, ֆինանսական ոլորտէն, գործարար եւ արհեստագիտական ընկերութիւններէ։ Քննարկումներու կեդրոնին եղած են դրամագլուխի շուկայի զարգացումը, ներդրումներու ներգրաւումը, ֆինանսական ոլորտի թուայնացումը եւ արհեստական բանականութեան դերը։
Համաժողովին ընթացքին յայտարարուած է նաեւ, որ Team Holding-ը, Freedom Broker Armenia-ի մասնակցութեամբ, ամբողջութեամբ տեղաբաշխած է իր պարտատոմսերու ծրագիրը՝ երեք փուլով վաճառելով 31,5 միլիոն տոլարի եւ 1,4 միլիառ դրամի պարտատոմսեր։
Միաժամանակ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է Freedom Broker Armenia-ի եւ Juventus Academy Armenia-ի միջեւ։
Ձեռնարկին ծիրին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ խորհրդանշական ճատրակի քայլ մը՝ Freedom Holding-ի հիմնադիր եւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Թիմուր Թուրլովի մասնակցութեամբ։
