Թրամփ. «Փութին 10 տարի փորձեց լուծել հայ-ազերպայճանական հարցը, ես լուծեցի երկու օրուան մէջ»
Թրամփ, ըստ երեւոյթին, դեռ չէ մարսած, որ անցեալ տարուան Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ, իր նախաձեռնութեամբ, Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրուելէն ետք ալ իր այնքան ակնկալած Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը չշնորհուեցաւ իրեն։ Ան, դռնէ-դուռ կը տրտնջայ այս մասին ու կ՚աղերսէ, որ այդ մրցանակը իրեն շնորհուի։
ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն ըսած է, որ շուրջ տասը տարի փորձած է կարգաւորել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հակամարտութիւնը, սակայն չէ յաջողած։
“Ես այդ մէկը յաջողեցայ երկու օրուան մէջ”,– ըսած է Թրամփ Սիրաքիւզ քաղաքին (Նիւ Եորք) մէջ ունեցած իր մէկ ելոյթին ընթացքին։
Թրամփի այս յայտարարութիւնը կը վերաբերի 2025 Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ, ԱՄՆ-ու նախագահին ներկայութեամբ, նախաստորագրեցին Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Սակայն փաստաթուղթը մինչեւ օրս վերջնապէս չէ ստորագրուած։
Պաքու կը շարունակէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կապել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հետ՝ պնդելով, որ ներկայի Սահմանադրութիւնը հողային պահանջներ կը պարունակէ։ Երեւան այդ մեկնաբանութիւնը կը մերժէ եւ կը շեշտէ, որ Սահմանադրութեան հարցը Հայաստանի ներքին գործն է։ Ի դէպ, հակառակ այս բոլորին, Հայաստանի իշխանութիւնները վերջերս վերահաստատեցին նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու իրենց ծրագիրը, իսկ Փաշինեան յայտարարեց, որ անոր բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն։
Թրամփ վերջին ամիսներուն բազմիցս հայ-ազերպայճանական գործընթացը ներկայացուցած է իբրեւ իր արտաքին քաղաքական յաջողութիւններէն մէկը։ Սպիտակ տունն ալ Հայաստանը եւ Ազերպայճանը կ՚ընդգրկէ այն հակամարտութիւններուն շարքին, որոնց, ըստ ամերիկեան վարչակազմին, Թրամփ «վերջ տուած է»։ Մինչդեռ, ինչպէս վերեւ ըսինք, խաղաղութեան պայմանագիրը դեռ չէ ստորագրուած։
Նոյն ելոյթին ընթացքին Թրամփ նաեւ դժգոհած է, որ (2025-էն ետք) 2026-ի Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին եւս ինք արժանի չէ նկատուած, որոշումը որակելով «խայտառակ» եւ «ամօթալի»։ Մրցանակը շնորհուած է հարաւափրիկեցի իրաւաբան եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց նախկին գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլային։
