Երեւանի «ծննդեան վկայականը»
Երեւանի՝ պատմական Էրեբունիի հիմնադրութեան գլխաւոր գրաւոր վկայութիւնը Արգիշտի Ա. թագաւորի սեպագիր արձանագրութիւնն է։ Անոր օրինակներէն առաջինը յայտնաբերուած է 1950-ին՝ Արին Բերդի՝ Էրեբունի ամրոցի տարածքին մէջ։ Բազալտ քարի վրայ փորագրուած արձանագրութիւնը կը վերաբերի Ք.Ա. 782-ին Էրեբունիի հիմնադրութեան եւ այդ պատճառով յաճախ կը կոչուի Երեւանի «ծննդեան վկայականը»։ Հայաստանի պատմութեան թանգարանն ալ իր հաւաքածոյին մէջ կը պահէ Ք.Ա. 782-ի՝ Էրեբունիի հիմնադրութեան արձանագրութիւններէն մէկը։
Արձանագրութեան մէջ Արգիշտի կը յայտարարէ, որ Խալդի աստուծոյ մեծութեամբ կառուցած է հզօր ամրոց մը եւ զայն կոչած Էրեբունի՝ Բիայնիլիի հզօրութեան համար եւ թշնամիներուն ահ ազդելու նպատակով։ Ան նաեւ կը նշէ, որ տարածքը մինչ այդ ամայի էր եւ թէ ինք այնտեղ «մեծ գործեր» կատարած է։ Այլ արձանագրութիւններ կը վկայեն նաեւ, որ Արգիշտի Ա. թագաւորը այնտեղ բնակեցուցած է 6600 հոգի։
Էրեբունիի հիմնադրութեան նոյն բովանդակութեամբ արձանագրութիւնը մեզի հասած է չորս հին օրինակով, որոնք բոլորն ալ բնօրինակի արժէք ունին. մէկը կը գտնուի հնավայրին մէջ, երկուքը կը պահուին «Էրեբունի» թանգարանին, իսկ չորրորդը՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ։
