Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժի զոհերուն թիւը կը գերազանցէ 21.500-ը

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Փետրուար 6-ի վաղ առաւօտեան տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով, երկու երկիրներու մէջ զոհերու թիւը 21.719 է, իսկ վիրաւորներունը՝ շուրջ 100.000:

Թուրքիոյ մէջ, այս աղէտը կը նկատուի երկրին վերջին 100 տարիներու մեծագոյնը։ Վերնակեդրոնը Մարաշի մէջ գտնուող՝ 7,7 ու 7,6 ուժգնութեամբ յաջորդական երկու երկրաշարժերը Մարաշի, Քիլիսի, Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ), Ատանայի, Օսմանիէի, Այնթապի, Ուրֆայի, Ատըեամանի, Մալաթիոյ եւ Հաթայի մէջ ծով աւերածութիւններու պատճառ դարձած են։ Որոնման աշխատանքներու 5-րդ օրը՝ Փետրուար 10-ին, վերոնշեալ տասը քաղաքներուն մէջ արձանագրուած էր 18.991 մարդկային կորուստ։ Ինչ կը վերաբերի վիրաւորներու թիւին, ան կը գերազանցէ 75.000-ը։ Շուրջ 6.500 շինութիւն հիմնայատակ եղած է։ Դեռ փլատակներու տակ գտնուողներու թիւին մասին որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած։ 

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ 6 ամիսով կ՚առկախէ Սուրիոյ դէմ կիրարկուած պատիժները՝ երկրաշարժին հետեւանքներու վերացման օգնելու համար։

Սակայն այս կարգադրութիւնը չի վերաբերիր սուրիական քարիւղի եւ քարիւղամթերքի վաճառքին։ Բացի ատկէ, ան չի վերաբերիր նաեւ այն անձանց, որոնց ունեցուածքը ԱՄՆ-ու իշխանութիւնները նախապէս դասած են «արգիլուած սեփականութեան» շարքին: