Թուային արհեստագիտութեան դարուն՝ ինչպէ՞ս դառնալ ինքնիշխան
Ուքրաինան անօդաչու սարքերով հարուածներ հասցուց Ռուսաստանի մի քանի շրջաններու մէջ՝ «Եանտէքս» արհեստագիտութեանց ընկերութեան կեդրոնատեղիներուն եւ ամպային տուեալներու շտեմարաններուն (cloud)։ Այս հարուածները ծանր հետեւանքներ ունեցան՝ հասնելով մինչեւ Հայաստանի թաքսիի եւ առաքման ծառայութիւններուն, ժամանակաւորապէս խափանելով անոնց գործունէութիւնը եւ անմիջականօրէն ազդելով բազմահազար վարորդներու, ինչպէս նաեւ նոյնքան յաճախորդներու եւ պատուիրատուներու վրայ։
Այսպէսով, Հայաստանը եւս կը տուժէ երկու օտար երկիրներու միջեւ տեղի ունեցող թշնամական յարձակումներէն։ Այս երեւոյթին արժէ յատկապէս անդրադառնալ, քանի որ անիկա արդի աշխարհի տնտեսութիւններու ծայր աստիճան փոխկապակցուածութեան ցայտուն դրսեւորումն է։ Նոյնն է պարագան ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ կատարուած յարձակումին, որ քարիւղի գիներու աճ կը յառաջացնէ՝ վնասելով համաշխարհային բոլոր տնտեսութիւններուն։
«Եանտէքս»-ը Հայաստանի մէջ մենաշնորհային դիրք ունի։ Որպէս փոքր երկիր՝ Հայաստան իր ներքին շուկային մէջ չունի անոր հետ մրցակցելու ընդունակ որեւէ ընկերութիւն։ Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան երկիրներուն, որոնք ունին նմանատիպ ծառայութիւններ առաջարկող ընկերութիւններ, հայկական շուկան անոնց համար այնքան ալ շահութաբեր առիթ մը չի ներկայացներ։ Աւելի՛ն, մինչեւ անցեալ տարի պատերազմական գօտի նկատուող այս երկիրը բնաւ հրապուրիչ չէր մեծ ներդրումներ պահանջող ծրագրեր իրականացնելու համար։
Այս իրավիճակը հրատապօրէն առաջ կը քաշէ երկրին թուային ինքնիշխանութեան կերտման ու պաշտպանութեան հարցը։ Թուային ոլորտը երթալով աւելի գերիշխող դիրք կը գրաւէ ժամանակակից քաղաքակրթութեան մէջ։ Այսօր անիկա կ՚առնչուի այն ամէն ինչին, որ կը սահմանէ պետութեան մը ինքնիշխանութիւնը, սկսեալ՝ քաղաքացիներու անձնական տուեալներու պաշտպանութենէն մինչեւ տնտեսութիւն, հաղորդակցութիւն, պետական համակարգի կառավարում, դրամատնային համակարգ, բանակ, բժշկութիւն, գիտութիւն եւ մարդկային կեանքի ամէնէն տարբեր բնագաւառները։ Թուայնացումը ներթափանցած է ամէնուրեք։ Ընտրութիւններու ժամանակ տեղեկատուութիւնը կը դառնայ խառնածին (հիպրիտային) յարձակումներու գլխաւոր զէնքերէն մէկը. քարոզչական նպատակներով տարածուող կեղծ լուրերը կ՚օգտագործեն թուային տուեալները՝ ընտրողներու որոշումներուն վրայ ազդելու համար, ինչ որ պարագան էր անցեալ Յունիսին՝ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Թէեւ Հայաստան երթալով աւելի կը ճանչցուի իբրեւ համակարգչային ծրագրաւորման մէջ առաջատար երկիր, սակայն անոր ներքին շուկան տակաւին չափազանց փոքր է մրցունակ եւ շահաբեր այնպիսի ընկերութիւններ ստեղծելու համար, որոնք կրնան բաւարարել երկրին սեփական թուային կարիքները։ Նոյնիսկ Եւրոպան միջոցներ չունի մրցելու Միացեալ Նահանգներու եւ անոր թուային հսկաներուն, ինչպէս՝ Google-ի, Amazon-ի, SpaceX-ի եւ բազմաթիւ ուրիշներու հետ։ Սակայն Եւրոպան օժտուած է անհրաժեշտ օրէնսդրութեամբ, ռազմավարութեամբ եւ քաղաքական կամքով՝ պաշտպանելու իր քաղաքացիներուն տուեալները եւ, որոշ չափով, նաեւ իր տնտեսական շահերը, ինչ որ տակաւին պարագան չէ Հայաստանի, ոչ ալ բազմաթիւ այլ փոքր պետութիւններու, որոնք կը պայքարին իրենց ինքնիշխանութիւնը կերտելու համար։ Խնդիրը, ի դէպ, «Եանտէքս»-ի ռուսական ընկերութիւն ըլլալը չէ. կացութիւնը ճիշդ նոյնը պիտի ըլլար նաեւ այն պարագային, եթէ մենաշնորհային այս դիրքը գրաւած ըլլար չինական կամ ֆրանսական որեւէ ընկերութիւն։ Օրինական լիարժէք դաշտ ունենալը նուազագոյնն է. անիկա թոյլ կու տայ թշնամական յարձակումի կամ խափանարարութեան (սապոթաժ) պարագային վտանգի չենթարկել երկրին կենսական շահերը եւ այլընտրանքային լուծումներ գտնելու կարելիութիւն ունենալ։
Այսօր թաքսիի եւ առաքման ծառայութիւններն են, որոնք զոհ գացին թշնամական հարուածներու։ Վաղը անոնք կրնան ըլլալ դրամատուները, օդանաւորդութիւնը, երկաթուղիները, օդերեւութաբանութիւնը, ելեկտրական ցանցը, տեղեկատւութիւնը, համակարգչային ենթակառոյցները, պետական վարչարարութիւնը կամ ոստիկանութիւնը… Մեր առօրեան կախեալ է թուային ծրագրերէ։ Իսկ այս ծրագրերը պէտք ունին թուային պահեստանոցներու, ամպային դրութեան, որոնք ենթակայ են յարձակման վտանգի, թէ՛ թուային ահաբեկիչներու կողմէ, թէ՛ ալ ռազմական գործողութեանց։
Այս պայմաններուն մէջ հարց կը դառնայ՝ ինչպէ՞ս մնալ ինքնիշխան։
Ժ.Չ. ■
