Պոլսոյ մէջ նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը

Պոլիս-35-ամեակ-5dae-47bb-e7d2-08df13a87301_w1597_n_r1_s_s

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ​​ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Պերրիս Էքինճի. 2026 Հոկտեմբեր 14

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար. «Անգարա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առած է»

Հոկտեմբեր 14-ին, Պոլսոյ մէջ, ինը տարուան ընդմիջումէ ետք պաշտօնական ընդունելութեամբ մը նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակը։ Հանդիսութիւնը կազմակերպած է Սեւծովեան տնտեսական գործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը՝ Նայիրի Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ։

Յատկանշական է, որ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա այս հանդիսութեան ներկայացուած է Արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով։ Արդարեւ, հանդիսութեան մասնակցած են փոխնախարար Պերրիս Էքինճի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան, Յունաց Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի եւ դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Ընդունելութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Պերրիս Էքինճի յայտարարած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առած է փոխադրութեան, ուժանիւթի, մշակոյթի եւ ուղղակի առեւտուրի վերականգնման մարզերուն մէջ։

“Այս բոլոր քայլերը ամուր հիմքեր կու տան մեր տարածաշրջանի ապագային մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ նայելու”,– նշած է թուրք փոխնախարարը՝ ընդգծելով, որ Անգարա կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման գործընթացը։

Էքինճի կարեւոր նկատած է նաեւ վերջին շրջանին երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացումը, որ ըստ իրեն՝ նպաստած է երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ հասկացողութեան զարգացման։

Ան հաւաստած է, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ջանքերուն։