Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին այցելած է Գեղարդավանք
Հայաստան այցելող Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է Գեղարդավանք։
Թագուհին շրջած է վանական համալիրին տարածքին, ծանօթացած հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան այս բացառիկ կոթողին պատմութեան եւ անոր ԺԳ. դարուն կառուցուած վիմափոր եկեղեցիներուն։ Ան նաեւ ունկնդրած է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւն՝ վանքին առանձնայատուկ հնչողութեամբ օժտուած սրահներուն մէջ։
Գեղարդավանքն ու Ազատ գետի վերին հովիտը 2000-էն ի վեր արձանագրուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ։ 2018-ին անոնք ստացած են նաեւ յատուկ պաշտպանութեան կարգավիճակ՝ զինեալ բախումներու ժամանակ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող միջազգային համաձայնութիւններուն համաձայն։
Սոֆիա թագուհիին Հայաստան այցելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 29։ Ան պիտի մասնակցի մարդկային զարգացման «Իշխան Թալալ» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սպանիոյ բարեկամական ու մշակութային կապերու ամրապնդման նուիրուած ձեռնարկներուն։
