Ռուսաստանի մէջ հայ երիտասարդ մը ինն ու կէս տարի բանտարկութեան դատապարտուած է համացանցային գրառումներու համար
Ռուսաստանի զինուորական դատարաններէն մէկը 23-ամեայ Գէորգ Գրիգորեանը ինը տարի եւ վեց ամիս բանտարկութեան դատապարտած է՝ հայկական կայքէջերու վրայ կատարած մեկնաբանութիւններուն պատճառով։ Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական անկախ «Մետիազոնա» լրասփիւռը՝ վկայակոչելով երիտասարդին ծանօթներէն մէկը։
Հայաստանի մէջ ծնած եւ Հայաստանի ու Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող Գրիգորեան կը բնակէր Ռուսաստանի արեւելեան շրջաններէն մէկուն մէջ։ Ան ձերբակալուած է 2025 Յունիսին, ապա տնային կալանքի տակ դրուած։
Դատարանը զինք յանցաւոր ճանչցած է ռուսական բանակին մասին «սուտ տեղեկութիւններ» տարածելու, նացիականութիւնը արդարացնելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան կոչեր ուղղելու մեղադրանքներով։
Անոր դէմ յարուցուած դատական գործին հիմք հանդիսացած են հայկական կայքէջերու վրայ գրած մեկնաբանութիւնները, որոնց մէջ Գրիգորեան ռուսերու նկատմամբ «ծայրայեղ վիրաւորական արտայայտութիւններ» գործածած եւ «նացիական բռնութիւնները արդարացնող» խօսքեր գրած է։ Ան նաեւ մտավախութիւն յայտնած է, թէ Ուքրաինայէն ետք ռուսական զօրքերը կրնան Հայաստան ներխուժել։
Ըստ երիտասարդին ծանօթին՝ այս գրառումները Ռուսաստանի նկատմամբ անոր զայրոյթին հետեւանքն էին։ Գրիգորեան կը մեղադրէր Մոսկուան՝ 2023-ին Արցախի դէմ ազերպայճանական յարձակման ժամանակ հայերուն օգնութեան չհասնելուն համար։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ երիտասարդը ընդունած է իր մեղքը եւ զղջում յայտնած։
