«ՄանուՖեստ»՝ մանկապատանեկան շարժանկարի միջազգային փառատօն
105 ժապաւէն 35 երկիրներէ
Մանկապատանեկան շարժանկարի «Ռոլան» միջազգային փառատօնը այս տարի կը ներկայանայ նոր անունով՝ «ՄանուՖեստ»։ Անոր կազմակերպիչ «Ռոլան Բիկովի հիմնադրամ»-ն ալ վերանուանուած է «Մանու Ֆոնտ»։
22-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 4-8, Երեւանի, ինչպէս նաեւ Արագածոտնի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մէջ, «Մանուկն աշխարհին» նշանաբանով։
Յայտագրին մաս կը կազմեն 35 երկիրներէ 105 ժապաւէններ՝ խաղարկային եւ շարժանկարային։ Կազմակերպիչները յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայեն շրջաններու մանուկներուն, անապահով ընտանիքներու զաւակներուն եւ հաշմանդամ պատանիներուն մասնակցութեան։
Հաւատարիմ իր աւանդութեան՝ փառատօնը մրցանակակիրները պիտի ընտրէ մանուկներէ եւ պատանիներէ կազմուած դատական կազմերով։ Նախատեսուած են նաեւ երիտասարդներու նկարահանած ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, ստեղծագործական հանդիպումներ եւ նոր շարժանկարներու առաջին ներկայացումներ։
Փառատօնին միջազգային աջակիցներուն շարքին են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնն ու Ֆրանսական հիմնարկը։ Յայտագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ վերապահուած է ֆրանսական շարժանկարին։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 4, ժամը 19-ին, Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ։ Փառատօնին բոլոր ձեռնարկները բարեսիրական բնոյթ կը կրեն եւ շահադիտական նպատակ չեն հետապնդեր։
