Մարտ 22-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնա՝ Ծերակոյտի մէջ իր ելոյթին յայտարարած է, թէ Ապրիլի վերջին պիտի այցելէ Ազերպայճան եւ Հայաստան։ Անդրադառնալով այցելութեան նպատակին ան ըսած է, թէ երկու երկիրներու պատկան իշխանութիւններուն հետ պիտի քննարկէ Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութեան լուծման հարցը։
«Առաջին օրէն Ֆրանսա դատապարտած է Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքին փակումը։ Ան լարումի սրման պատճառ կը դառնայ։ Ես մտադիր եմ Ապրիլի վերջին այցելելու Պաքու եւ Երեւան, որպէսզի տեղ հասցնեմ այդ մօտեցումը»,– ընդգծած է տիկին Գոլոնա։