Հայաստան – ժամանակը կը բանի ի նպաստ անոնց, որոնք գիտեն զայն օգտագործել
Հայաստան շատ աւելի արագ կը յառաջանայ, քան ինչ որ կը կարծուի Փարիզի մէջ։ Սակայն ձեռքի արգելակը դեռ քաշուած է, եւ այդ արգելակին մէկ մասն ալ Սփիւռքի ձեռքն է։
Շրջեցանք Հայաստանի ամբողջ տարածքով՝ հիւսիսէն հարաւ, Տաւուշի հովիտներէն մինչեւ Սիւնիքի ոլորապտոյտ ճամբաները։ Գացած էինք ո՛չ իբրեւ զբօսաշրջիկ, այլ վկայ ըլլալու այն իրականութեան, որուն մէջ կ՚ապրին մարդիկ։ Կ՚ուզէինք լսել ձայնը անոնց, որոնք ամէն օր երկիրը ոտքի կը պահեն։
Հանդիպեցանք արհեստագիտական ուսումնարաններու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու, գիւղական համայնքներու ղեկավարներու եւ հողագործներու։ Զրուցեցինք բարեսիրական հիմնադրամներու աշխատակիցներու, Ֆրանսայէն եկած զինուորական ոստիկանութեան սպաներու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութեան ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական զինուորական ակադեմիաներու պատասխանատուներու հետ։ Այս տասնեակ զրոյցներէն յստակ պատկեր մը կը գոյանայ. երկիրը շարժման մէջ է, սակայն տակաւին ոչ պատմական պայմաններու պահանջած թափով։
Ո՞ւր յառաջդիմութիւն կայ
Յառաջդիմութիւնը տեսանելի է։ Նախ եւ առաջ հարկ է ընդունիլ այս իրողութիւնը։
Ճամբաները հատուած առ հատուած կը վերաշինուին՝ իրարու մօտեցնելով երկար ատեն մեկուսացած շրջանները։ Հաստատուած են տուեալներու պահպանման եւ մշակման չորս կեդրոններ (data centers), որոնց շնորհիւ Հայաստան իր տեղը կը գրաւէ տարածաշրջանի թուային աշխարհին մէջ։ Նորոգուած են ոռոգման ջրանցքներ։ Սիւնիքի դաշտերուն վրայ ապրող գիւղացիներուն համար ասիկա վճռական է՝ բերքը պիտի փճանա՞յ, թէ՞ կարելի պիտի ըլլայ զայն վաճառել։
Արհեստագիտական ուսումնարաններուն մէջ տեսանք արդիական սարքաւորումներով օժտուած աշխատանոցներ եւ խանդավառ ուսուցիչներ, որոնք կը ջանան պատրաստել երկրին անհրաժեշտ մասնագէտները։ Բարեսիրական հիմնադրամները համբերատար, յաճախ անաղմուկ աշխատանք կը տանին՝ նեցուկ կանգնելով ընտանիքներուն եւ գիւղական համայնքներուն։
Ֆրանսայի հետ զինուորական ոստիկանութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ասպարէզներուն մէջ ծաւալած գործակցութիւնը արդէն իր պտուղները կու տայ. կը փոխանակուին աշխատելակերպեր ու փորձառութիւններ։ Վերջապէս, զինուորական ակադեմիաներն ալ սկսած են արդիականանալ։
Այս բոլոր ասպարէզներուն մէջ հանդիպեցանք բանիմաց, նպատակասլաց մարդոց։ Երկիրը ո՛չ եռանդի պակաս ունի, ո՛չ ալ աշխատուժի։
Ի՞նչը կը դանդաղեցնէ յառաջընթացը
Պակսողը կամքը չէ, այլ այն օղակները, որոնք այդ կամքը շօշափելի ձեռքբերումի պիտի վերածեն։ Ամէն տեղ գրեթէ նոյն ախտաճանաչումը լսեցինք՝ երբեմն զուսպ բառերով, երբեմն ալ յոգնած շեշտով։
Նախ՝ արհեստագիտական եւ ղեկավարական հմտութիւններու պակաս կայ։ Երբեմն սարքաւորումները տեղ կը հասնին աւելի շուտ, քան կը պատրաստուին զանոնք գործածելու եւ պահպանելու կարող մարդիկ։
Երկրորդ՝ միջին աստիճանի ղեկավարներուն բաւարար լիազօրութիւններ չեն տրուիր։ Որոշումները դարձեալ վերին ատեաններուն կը յղուին եւ հոն կը կուտակուին։ Բաժանմունքներու վարիչները, հաստատութիւններու տնօրէններն ու տեղւոյն պատասխանատուները ստիպուած կը սպասեն «կանաչ լոյսի» մը, որ յաճախ շատ կ՚ուշանայ։
Երրորդ՝ ղեկավարութեան սերնդափոխութիւնը դժուարութեամբ կը կատարուի։ Պետական բարձրագոյն մարմիններուն, կրթական հաստատութիւններուն եւ շարք մը կարեւոր նախարարութիւններու ղեկավար դիրքերը տակաւին կը գրաւեն մարդիկ, որոնք իրենց ուսումը ստացած են բոլորովին տարբեր ժամանակաշրջանի մը։ Անոնց բոլորին վրայ կարելի չէ մեղքը բարդել։ Սակայն համակարգը դժուարութեամբ ասպարէզ կու տայ յաջորդ սերունդին, որ արդէն պատրաստ է գործի լծուելու եւ պատասխանատւութիւն ստանձնելու։
Վերջապէս, մշակոյթը մեծ չափով անտեսուած է։ Արուեստը, գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու կոչուած ծրագրերը, անհրաժեշտ միջոցներէ զուրկ, կը շարունակուին միայն անձնուէր մարդոց ջանքերով։ Մինչդեռ ժողովուրդ մը, որ դարերու ընթացքին իր գոյութիւնը պահպանած է իր լեզուին, ձեռագրերուն եւ երաժշտութեան շնորհիւ, չի կրնար մշակոյթը նկատել երկրորդական շռայլութիւն մը։ Չէ՞ որ մշակոյթն է, որ իմաստ կու տայ մնացեալ ամէն ինչի։
Սփիւռք. պատասխանատւութիւն ստանձնելու ժամանակն է
Այժմ կ՚ուզենք խօսիլ Սփիւռքին, առաջին հերթին՝ ֆրանսահայութեան, որուն մենք ալ հոգիով կը պատկանինք։
Սփիւռքը իրեն բաժին ինկած պատասխանատւութիւնը չի ստանձներ՝ ո՛չ մտաւորական, ո՛չ ալ նիւթական գետնի վրայ։
Մենք լաւ գիտենք յիշողութիւնը վառ պահել, յարգանքի տուրք մատուցել նահատակներուն եւ մեր ընդվզումը արտայայտել։ Սակայն երբ կարգը կու գայ երկարատեւ յանձնառութեան, կը դժուարանանք։
Մեր բժիշկները, ճարտարագէտները, իրաւաբանները, գործարարներն ու արուեստագէտները փոխանցելիք մեծ հմտութիւն եւ փորձառութիւն ունին։ Բայց անոնցմէ քանի՞ն տարին գոնէ մէկ շաբաթ կը յատկացնեն ուսուցիչներ վերապատրաստելու, պետական մարմիններուն մասնագիտական խորհուրդներ տալու կամ Երեւանի եւ Գորիսի նորաստեղծ ձեռնարկութիւններուն ուղղութիւն ցոյց տալու։
Պէտք է խօսինք նաեւ դրամի մասին ՝ առանց կեղծ համեստութեան։
Սերունդներու աշխատանքով ու խնայողութեամբ կուտակուած պատկառելի դրամագլուխներ կը մնան զուիցերական, բրիտանական եւ ֆրանսական դրամատուներուն մէջ, փոխանակ Հայաստանի մէջ ներդրուելու։ Պատճառը պարզ է. բաւարար ուշադրութիւն չենք դարձներ երկրին կացութեան եւ անոր ընձեռած կարելիութիւններուն։
Հայաստան բարեսիրութիւն չի խնդրեր։ Ընդհակառակն՝ ան Սփիւռքին առջեւ բացառիկ հնարաւորութիւն մը կը բանայ։
Մեզի կը պակսին հրատապութեան գիտակցութիւնը, համերաշխութիւնն ու առատաձեռնութիւնը։ Բայց կը պակսի նաեւ, եւ ասիկա թերեւս աւելի զարմանալի է, մեր առջեւ բացուող հնարաւորութիւնը ճիշդ գնահատելու կարողութիւնը։
Հայաստանի մէջ դրամագլուխ ներդնելը միայն սրտի թելադրանք չէ. նաեւ խելամիտ գործարարական ընտրութիւն մըն է։ Ատիկա նաեւ հեռատես եւ իր հաշիւը գիտցող գործարարի մը խոհեմ ընտրութիւնն է։
Աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած են եւ նոր հեռանկարներ բացած։ Տարածաշրջանային խաղաղութեան կարելիութիւնը, միջազգային գործընկերներու շրջանակին ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ թուային մարզին եւ ենթակառոյցներուն յառաջընթացը զարգացման նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն, որոնք կրնան հետզհետէ աւելի ընդարձակուիլ։
Այս նոր պատեհութիւններէն առաջին օգտուողները մեծագոյն շահը պիտի քաղեն։ Անոնց հետ պիտի շահի նաեւ Հայաստանը։
Ժամանակը կը բանի ի նպաստ անոնց, որոնք գիտեն զայն օգտագործել
Հայաստան մեր խղճահարութեան պէտք չունի։ Անոր անհրաժեշտ են մեր ներկայութիւնը, մեր հմտութիւններն ու մեր դրամագլուխները՝ լուրջ չափանիշերով եւ երկարատեւ յանձնառութեամբ ներդրուած։
Գործնական գետնի վրայ կրնանք երեք յանձնառութիւն ստանձնել։
Առաջին՝ նեցուկ կանգնիլ միջին աստիճանի մասնագէտներու պատրաստութեան՝ թէ՛ ուսումնական հաստատութիւններուն, թէ՛ պետական վարչամեքենային մէջ։
Երկրորդ՝ կայուն եւ երկարատեւ ֆինանսաւորում ապահովել մշակութային ժառանգութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցող ծրագրերուն՝ երաժշտութենէն մինչեւ գրականութիւն։
Երրորդ՝ Սփիւռքի դրամական միջոցներուն մէկ մասը յատկացնել Հայաստանի մէջ իրականացուող արդիւնաւէտ եւ արտադրողական ձեռնարկներու։
Մարդասիրական օգնութենէն պէտք է անցնինք մասնագիտական գործակցութեան։ Այս ուղղութեամբ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կ՚աշխատի «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ»-ը՝ գիւղատնտեսութեան ասպարէզին մէջ։ Նոյն ճամբով կը գործէ նաեւ API-ն՝ սահմանամերձ բնակչութեան առաջին օգնութեան գիտելիքներ փոխանցելով, իսկ գործարար եւ պաշտպանութեան մարզերու աշխատակիցներուն՝ թուային անվտանգութեան հմտութիւններ ուսուցանելով։
Պէտք է միակողմանի բարեսիրութենէն անցնինք փոխադարձ գործակցութեան, ցիրուցան ու մակերեսային օգնութենէն՝ նպատակային ներդրումներու, պարզ նուիրատւութենէն՝ իրական փոփոխութիւններու։
Ահա՛ Սփիւռքին արժանի տեղը։
Սիւնիքի ճամբաներուն վրայ պարզ ճշմարտութիւն մը հասկցանք. ժամանակը ո՛չ Հայաստանի օգտին կը բանի, ո՛չ ալ անոր դէմ։ Ան կը ծառայէ անոնց, որոնք գիտեն զայն օգտագործել՝ յառաջ երթալու համար։
Մեզմէ՝ Սփիւռքէն կախեալ է որոշել, թէ ո՛ր կողմը կ՚ուզենք կանգնիլ։
ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ
ՄԷԹՐ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Փարիզ ■
