Կարէն Վարդանեան 122 միլիոն դրամ յատկացուցած է Ազգային պատկերասրահի նորոգութեան եւ արդիականացման

Բարերար-1

Հայաստանի ազգային պատկերասրահի արուեստի գործերու վերականգնման բաժինը ամբողջովին նորոգուած եւ արդիական սարքաւորումներով օժտուած է՝ շնորհիւ բարերար Կարէն Վարդանեանի 122 միլիոն դրամի (շուրջ 300.000 եւրօ) նուիրատուութեան։

Ծրագրին ծիրին մէջ հիմնովին նորոգուած են բաժինին տարածքները, որոնք կահաւորուած եւ համալրուած են մասնագիտական նորագոյն սարքաւորումներով։ Ընդհանուր առմամբ ձեռք բերուած են 54 տարբեր տեսակներու պատկանող 316 սարքեր, գործիքներ եւ օժանդակ պիտոյքներ։

Բացի ատկէ, պատկերասրահի երեք մասնագէտներ առիթ ունեցած են վերապատրաստուելու Լիթուանիոյ եւ Ռուսաստանի մէջ՝ կատարելագործելու համար արուեստի գործերու վերականգնման իրենց մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնները։

Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ վերականգնման նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը պատկերասրահին թոյլ պիտի տայ իր հարուստ հաւաքածոյին նմուշները վերականգնել շատ աւելի արդիական եւ նպաստաւոր պայմաններու մէջ։