Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մարքուս Ռիթեր յայտարարած է, որ ԵՄ-ի առաքելութիւնը յաջողած կը համարուի, եթէ Ազերպայճան գարնան չյարձակի Հայաստանի վրայ

Պաքուի արձագանգը չէ ուշացած

Եթէ Ազերպայճան գարնան յարձակում չգործէ Հայաստանի վրայ, ուրեմն Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը յաջողած է: Այս մասին Deutsche Welle-ի հետ զրոյցին յայտնած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր:  

“Բազմաթիւ Հայերու համոզմամբ՝ գարնան Ազերպայճան յարձակման պիտի ձեռնարկէ։ Եթէ այդ տեղի չունենայ, ուրեմն մեր առաքելութիւնը արդէն իսկ յաջողած է”,– ըսած է Ռիթեր՝ աւելցնելով, որ Հայերը շատ գոհ են Եւրոպական Միութեան դիտորդներու ներկայութենէն:

Սակայն ԵՄ-ի առաքելութեան ղեկավարը նաեւ անմիջապէս չափաւորած է ակնկալիքները՝ շեշտելով, որ դէտերը չեն կրնար մուտք գործել Ազերպայճանի տարածք, հետեւաբար, անոնք չեն ալ կրնար արձանագրել, թէ օրինակ՝ յարձակման նախապատրաստութիւն կա՞յ, կամ եթէ կայ՝ ի՞նչ պատկեր կը պարզէ զօրքերու տեղաշարժը։

“Մենք չենք կրնար միջամտել։ Մենք մեր տրամադրութեան տակ ունինք միայն հեռադիտակներ եւ տեսախցիկներ”,–  ըսած է ան։

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ մէկնաբանած է Ռիթերի յայտարարութիւնը:

Ան նշած է, թէ «անոր յայտարարութիւնները հիմնուած են հայկական կողմի կեղծ պնդումներուն վրայ»։

Հաճիզատէ աւելցուցած է, որ այդ առաքելութիւնը պէտք չէ չարաշահուի, որպէսզի վնաս չհասցուի Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: