Թերթիս սիւնակներուն մէջ, ԱՄՆ-ու՝ Վենեզուելայի վրայ յարձակման, ինչպէս նաեւ Կրէօնլանտի նկատմամբ նկրտումներուն վերաբերեալ մեր անդրադարձներուն՝ բազմիցս որպէս գլխաւոր ազդակ մատնանշեցինք համաշխարհային ծաւալով՝ տոլարին սաստիկ տեղատւութիւնը եւ անով ալ՝ ամերիկեան տնտեսութեան դէպի սնանկութիւն քառասմբակ ընթացքը։
Ստորեւ տրուած լուրը լաւագոյնս կը հաստատէ այդ երեւոյթը։
Չինաստան յաջողած է համախմբել ափրիկեան 53 երկիրներ՝ առեւտրային յեղափոխական տեսլականի մը շուրջ։
Արդիւնքը այն է, որ ափրիկեան արտածումները այսուհետեւ կը վայելեն մաքսատուրքէ ամբողջովին զերծ մուտք դէպի չինական շուկայ։ Խօսքը դրամական մեծածաւալ յեղափոխութեան մը մասին է. ասոր հետեւանքը պիտի ըլլայ գործարքներուն մէջ ամերիկեան տոլարի եւ եւրոյի լքումը։ Այսուհետեւ ամէն ինչ կը կատարուի չինական եուանով։
***
SWIFT համակարգը (Համաշխարհային միջ-դրամատնային ելեւմտական հեռահաղորդակցութեան ընկերակցութիւն) ապահովութեան նկատառումով՝ եւրոպական եւ ամերիկեան դրամատուներու կողմէ 1973-ին ստեղծուած համաշխարհային ցանց մըն է, որ ելեւմտական հաստատութիւններուն թոյլ կու տայ փոխանակել չափօրինակուած (standardisés) հաղորդագրութիւններ՝ միջազգային վճարումներու համար, գործելով որպէս ապահով հաղորդակցութեան ծառայութիւն. ան ուղղակի դրամի փոխանցման համակարգ մը չէ։
SWIFT համակարգը կը գործածէ եզակի ծածկագրեր (BIC)՝ դրամատուները նոյնականացնելու եւ դրամական փոխանցումները կազմակերպելու համար, այսպէսով դիւրացնելով դրամատուներու միջեւ հաղորդակցութիւնը՝ անդրսահմանային գործառնութիւններու համար, որոնք մեծ մասամբ կը կատարուին եւրոյով եւ յա՛տկապէս՝ տոլարով։
***
Կարճ խօսքով՝ SWIFT համակարգը լքելը հոմանիշ է արեւմտեան (եւ հետեւաբար ամերիկեան) տնտեսական համակարգին հետ կապերը ամբողջովին խզելու։
