Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Դեսպան Տոլմաջեանի հանդիպումը Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան նորակազմ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ

Ապրիլ 5-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան նորակազմ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Ութ տասնեակէն աւելի երեսփոխաններէ բաղկացած Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբը կը միաւորէ քաղաքական տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներ ու կը հանդիսանայ Ազգային ժողովի ամէնէն ստուար խումբերէն մէկը։  Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Դեսպան Տոլմաջեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու եւ առկայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ միջխորհրդարանական համագործակցութեան, այդ կարգին՝ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու գործունէութեան առանձնայատուկ դերը: 

Դեսպանը երեսփոխաններուն ներկայացուց Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած յարձակումը, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքի ապօրինի խափանման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքներն ու այն գոյաբանական սպառնալիքները, որոնց այսօր դէմ-յանդիման կը գտնուի Արցախի բնակչութիւնը։ 

Անդրադառնալով դեսպանութեան եւ բարեկամութեան խումբին միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան՝ դեսպանը բարձր գնահատեց նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին ծաւալած կարեւոր գործունէութիւնը, որ կը միտի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ։ Այս տեսանկիւնէն, դեսպան Տոլմաջեան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ 2022 Նոյեմբեր 30-ին Ազգային ժողովին կողմէ ազերպայճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւի ընդունման, ինչպէս նաեւ Հայաստան հատարուող խորհրդարանական պարբերական այցերուն համար՝ առանձնացնելով, յատկապէս, այս տարուան Յունուարին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհիին գլխաւորած  պատուիրակութեան պաշտօնական այցը Հայաստան։ 

Բարեկամութեան խումբի նախագահ, Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի երեսփոանուհի Անն-Լոռանս Փեթէլ, մտահոգութիւն յայտնելով ազերպայճանական սպառնալիքի հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, վերահաստատեց բարեկամութեան խումբի զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ աջակցութիւնը Արցախի 120 000 բնակչութեան։