Փաշինեան եւ Էրտողան Անթալիոյ մէջ քննարկեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը

Փաշ-Էրտողան

Երկու ղեկավարները շեշտեցին կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու եւ մինչեւ իր աւարտը հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 10-ին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ եւ մասնակցեցաւ Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին։ Յաջորդ օրը ան մայրաքաղաքէս մեկնեցաւ Անթալիա՝ ներկայ գտնուելու ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի (COP31) ծիրին մէջ կազմակերպուած ղեկավարներու վեհաժողովին։

Անթալիոյ միջազգային օդակայանին մէջ Հայաստանի վարչապետը դիմաւորուեցաւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Սերտար Չամի կողմէ։

Վեհաժողովի բացման նախորդած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին Փաշինեանը, ինչպէս միւս մասնակից ղեկավարները, դիմաւորուեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ։ Բացման հանդիսութեան ելոյթ ունեցան Կութերէշ, Էրտողան, Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվա եւ այլ ղեկավարներ։

Նոյեմբեր 11-ին, Անթալիոյ մէջ, Փաշինեան նաեւ առանձին հանդիպում ունեցաւ Էրտողանի հետ։ Թուրքիոյ նախագահը ողջունեց Հայաստանի վարչապետին այցելութիւնն ու մասնակցութիւնը վեհաժողովին, իսկ Փաշինեան շնորհաւորեց իր հիւրընկալը ձեռնարկին կազմակերպութեան առիթով։ Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Իզմիրի մետաղագործական գործատունի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումին զոհերուն համար։

Հանդիպման գլխաւոր նիւթը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումն էր։ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին համաձայն՝ երկու ղեկավարները շեշտեցին գործընթացը յառաջ տանելու եւ մինչեւ իր աւարտը հասցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք անդրադարձան ցարդ կատարուած քայլերուն ու ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարներուն։

Թուրքիոյ նախագահութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Էրտողան յայտնեց, թէ կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի կառուցողական քայլերով, որոնց շարքին արդէն կատարուած են խորհրդանշական, բայց նշանակալից նախաձեռնութիւններ։

Փաշինեան եւ Էրտողան քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային զարգացումները, յատկապէս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը։ Հայկական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկու ղեկավարները ընդգծեցին, թէ խաղաղութեան հաստատումը նոր կարելիութիւններ բացած է տարածաշրջանային գործակցութեան համար։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման, ներառեալ TRIPP ծրագրին իրագործման ուղղուած քայլերուն։

Թրքական կողմը վերահաստատեց, թէ Անգարա կը շարունակէ հետեւիլ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան գործընթացին եւ աջակցիլ անոր։