Կրէօնլանտ ժամանած են Եւրոպայէն առաջին զինուորականները
Եւրոպական երկիրներէն առաջին զինուորականները ժամանած են Կրէօնլանտ։
Ըստ գերմանական «Պիլտ»-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ Կրէօնլանտի շուրջ բանակցութիւններու ապարդիւն աւարտէն ընդամէնը քանի մը ժամ ետք, գիշերը Եւրոպայէն Կրէօնլանտ ժամանած են առաջին զինուորականները։
Յունուար 14-ին Դանիոյ եւ Կրէօնլանտի Արտաքին գործոց նախարարները Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած էին ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի հետ։ Ըստ գերմանական թերթին, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու՝ կարելի չէ եղած ամերիկեան դիրքորոշումը փոխել տալ կղզիին հարցին շուրջ։ Անկէ ետք Եւրոպայի քանի մը երկիրներ յայտարարած են հոն զինուորականներ ուղարկելու իրենց մտադրութեան մասին։
«Պիլտ»-ի համաձայն՝ գիշերը Կրէօնլանտի մայրաքաղաք Նուուք վայրէջք կատարած է դանիական բանակի «Hercules» սաւառնակը, որ կը փոխադրէր զինուորականներ, նաեւ՝ Ֆրանսայէն։ Մէկ այլ սաւառնակ վայրէջք կատարած է Քանկերլուսուաք։ Յունուար 15-ին ալ Գերմանիայէն ժամանած են առաջին 13 զինուորները։ Այս գործողութիւնը կը համակարգուի ոչ թէ ՕԹԱՆ-ի շրջանակէն ներս, այլ՝ Քոփընհակընէն։
Բացի ատկէ, ըստ թերթին, Նետերլանտներէն, Գանատայէն, Շուէտէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Նորվեկիայէն եւս զինուորականներ արդէն ճամբայ ելած էին դէպի Կրէօնլանտ։
Նախապէս, Թրամփ Դանիայէն պահանջած էր «հեռանալ» Կրէօնլանտէն։ Ան կոչ ըրած էր ՕԹԱՆ-ին՝ օգնելու Ուաշինկթընին, կղզիին տիրանալու համար։ Թրամփի կարծիքով՝ հակառակ պարագային խնդրոյ առարկայ տարածքը կրնայ Ռուսաստանի կամ Չինաստանի ձեռքը իյնալ։
Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ Կրէօնլանտ եւրոպական զօրքեր ուղարկելը պիտի չազդէ նախագահ Թրամփի կարծիքին վրայ։
Մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լեւիթ, ի տարբերութիւն հակառակը պնդող լուրերուն, յայտնած է, որ ԱՄՆ-ու պաշտօնեաներուն եւ Դանիոյ եւ Կրէօնլանտի ներկայացուցիչներուն միջեւ «հանդիպումը արդիւնաւէտ եղած է»։
ԱՄՆ նախագահը քանի մը անգամ յայտարարած է, որ Կրէօնլանտը պէտք է պատկանի Միացեալ Նահանգներուն եւ չէ բացառած զայն ուժով ձեռք անցընելու հաւանականութիւնը։
* * *
Թրամփ սպառնացած է մաքսատուրքեր սահմանել այն երկիրներուն դէմ, որոնք համաձայն չեն Կրէօնլանտի նկատմամբ Ուաշինկթընի պահանջներուն հետ։
“Ես կրնամ մաքսատուրքեր սահմանել այն երկիրներուն համար, որոնք համաձայն չեն, քանի որ Կրէօնլանտը մեզի անհրաժեշտ է ազգային անվտանգութեան համար։ Այնպէս որ, ես կրնամ դիմել այդ քայլին”,– ըսած է ան։
