Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պիտի յանձնուի «Զայետ»-ի մարդկային եղբայրութեան 2026-ի մրցանակը

Screenshot

Screenshot

Յայտնի դարձած են Մարդկային եղբայրութեան «Զայետ» մրցանակի 2026-ի դափնեկիրները։ Ըստ ՀՀ կառավարութեան՝ մրցանակի յանձնախումբը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրը։ Մրցանակը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պիտի յանձնուի Փետրուարին՝ Ապու Տապիի մէջ։ Դափնեկիրները կը ստանան 1 միլիոն ամերիկեան տոլար։ 2026-ի դափնեկիրները ընտրուած են անկախ դատակազմի մը կողմէ, որուն անդամներն են համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող գործիչներ, ինչպէս՝ Շառլ Միշէլ, կարդինալ Ժոզէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնսա եւ այլք։