PHOTO-2026-01-19-17-54-56

Մարկ Նշանեան՝ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան մէջ

Ուրբաթ, Յու­նուար17-ին, Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը հիւ­րընկա­լեց Մարկ Նշա­նեանը, որ բա­նախօ­սեց՝ «Գրա­կա՞ն սփիւռք մը» նիւթով։ Հան­դի­պու­մը հա­մախմբած էր յի­սու­նի չափ ներ­կա­ներ՝ գրա­կանու­թեան եւ սփիւռքեան փոր­ձա­ռու­թեան շուրջ խիտ եւ պա­հանջկոտ խորհրդա­ծու­թեան մը հա­մար։ Այս ձեռ­նարկը սկիզբ դրաւ բա­նախօ­սու­թիւննե­րու շար­քի մը, որ կազ­մա­կեր­պուած է Գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սի (Salon du livre) տրա­մաբա­նական շա­րու­նա­կու­թեան մէջ եւ կը կրէ «Եւ եղեւ սփիւռք» խո­րագի­րը։

Փի­լիսո­փայ, գրա­կան քննադատ եւ թարգմա­նիչ Մարկ Նշա­նեան առանց­քա­յին տեղ կը գրա­ւէ հայ գրա­կանու­թեան եւ սփիւռքի մտա­ւորա­կան հիմ­նա­խնդիր­նե­րուն նուի­րուած ժա­մանա­կակից մտքին մէջ։ Նիւ Եոր­քի Գո­լոմ­պիա հա­մալ­սա­րանի հայ լե­զուի եւ գրականու­թեան ամ­պիոնի նախ­կին վա­րիչ, ապա Պոլ­սոյ Սա­պան­ճը հա­մալ­սարանի «Մշա­կու­թա­յին ու­սում­նա­սիրու­թեանց» ծրագ­րի դա­սախօս՝ ան տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կը խո­րաց­նէ իր մտո­րումնե­րը լե­զուի, պատ­մութեան, յի­շողու­թեան եւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութեան փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն շուրջ։

Բա­նախօ­սու­թեան առանցքը կը կազ­մէր դի­տումնա­ւոր կեր­պով բաց ձգուած հար­ցադրում մը. կա­րելի՞ է խօ­սիլ գրա­կան սփիւռքի մը մա­սին։ Աւե­լի՛ն. ար­դեօք սփիւռքը ինքզինք չի՞ ծնաներ գրա­կանու­թեան մի­ջոցաւ, եւ մաս­նա­ւորա­պէս՝ հա­յալե­զու գրա­կանու­թեան։ Վե­ր առնե­լով «Եւ եղեւ սփիւռք» ազ­դե­ցիկ բա­նաձե­ւու­մը՝ Մարկ Նշա­նեան զայն երկխօ­սու­թեան մէջ դրաւ Զա­րեհ Որ­բունիի առանցքա­յին վէ­պին՝ 1964-ին հրա­տարա­կուած «Եւ եղեւ մարդ»-ին հետ, որ կ՚աւե­տէր սփիւռքեան մար­դուն ծնունդը։

Ըստ Նշա­նեանի՝ այս «աւե­տիսը» կրնար իրա­կանա­նալ միայն թարգմա­նու­թեան, բա­ռին խո­րին իմաս­տով, աշ­խա­տան­քին ընդմէ­ջէն. թարգմա­նու­թիւն՝ լե­զու­նե­րու մի­ջեւ, բայց նաեւ՝ ներ­քին թարգմա­նու­թիւն՝ գի­տակ­ցութեանց մէջ։ Խօս­քը ան­ցեալէն ժա­ռան­գուած ինքնու­թեան մղձա­ւանջնե­րէն ձեր­բա­զատե­լու եւ օտա­րին հան­դի­պիլ սոր­վե­լու մա­սին է՝ եւ այդ ալ՝ սե­փական լե­զուին մէջ։ Եր­կա­րատեւ հո­լովոյթ մը, եր­բեմն ամ­բողջ կեան­քի մը տե­ւողու­թեամբ, զոր հարկ էր նաեւ պատ­մել։

Զա­րեհ Որ­բունի լծուած է այդ աշ­խա­տան­քին «Եւ եղեւ մարդ»-ին յա­ջոր­դող եր­կու վէ­պերուն մէջ՝ «Թեկ­նա­ծուն» (1967) եւ «Աս­ֆալթը» (1972), որոնք վեր­ջերս ֆրան­սե­րէնով լոյս տե­սան «Parenthèses» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ՝ Մարկ Նշա­նեանի թարգմա­նու­թեամբ։ Այս գոր­ծե­րը ըն­թերցո­ղին կը հրամցնեն օտա­րին փոր­ձա­ռու­թիւնը, որ կը գե­րազան­ցէ լոկ լե­զուա­կան թարգմա­նու­թեան հար­ցը՝ դառ­նա­լով սփիւռքեան պայ­մաննե­րու հիմ­նա­դիր փոր­ձա­ռու­թիւն։

Այսպէսով, բա­նախօ­սու­թիւ­նը բա­ցաւ միշտ այժմէ­ական հար­ցադրումնե­րու շարք մը. ո՞ր սփիւռքին մա­սին է խօս­քը։ Ան ար­դէն իսկ կա­յացա՞ծ իրա­կանու­թիւն մըն է, գա­ղափա՞ր մը, թէ՞ գա­լիք հո­րիզոն մը։ Ին­չո՞ւ անհրա­ժեշտ էր, որ գրա­կա­նու­թիւնը ըլ­լար անոր յայտ­նու­թեան վայ­րը։ Եւ ի՞նչ կը սպա­սէ ան մեզ­մէ այ­սօր։

Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տան մէջ կա­յացած այս հան­դի­պու­մը լիովին կը հա­մապա­տաս­խա­նէ հաս­տա­տու­թեան առա­քելու­թեան, որ կը ջա­նայ ստեղ­ծել մտո­րու­մի եւ երկխօ­սու­թեան մի­ջավայ­րեր հայ մշա­կոյ­թին շուրջ՝ իր բո­լոր հարստու­թեամբ եւ բար­դութեամբ։ Ան սկիզ­բը կը հան­դի­սանայ բա­նախօ­սու­թիւննե­րու շար­քի մը, որ կո­չուած է շա­րու­նա­կելու Գիր­քի ցու­ցա­հան­դէ­սին ըն­թացքին սկսած զրոյցներն ու քննարկումները։

Թ. Ն. ■