Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուած է ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահ
Յունուար 26-ին Սթրազպուրկի մէջ ծայր առած է Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 30։
Այս առթիւ տեղի ունեցած է ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահի քուէարկութիւնը։ Այս տարի, իւրաքանչիւր տարուան նստաշրջանի սկիզբը ընտրուող 20 փոխնախագահներու շարքին է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Լիագումար նստաշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն են Մոլտաւիոյ նախագահ Մայա Սանդուի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ելոյթները։
