ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յանուն հայրենիքի զոհուածներու յիշատակի եւ խոնարհումի օր

Screenshot

Screenshot

Յունուար 27-ին, Հա­յաս­տա­նը յար­գանքի տուրք կը մա­տու­ցէր հայ­րե­նիքի պաշտպա­նու­թեան հա­մար մար­տի դաշ­տին վրայ ին­կած իր զա­ւակ­նե­րուն։ Սգա­տօնին առ­թիւ Յու­նուար 27-ի առա­ւօտեան Եռաբ­լուր այ­ցե­լած են Հա­յաս­տա­նի նա­խագահ Վա­հագն Խա­չատու­րեանը, վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանն ու Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեանը, բարձրաս­տի­ճան այլ պաշ­տօ­նեաներ՝ խո­նար­հե­լով նա­հատակ­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն առ­ջեւ։

Նա­խապէս «Եռաբ­լուր» զի­նուո­րական պան­թէոն այ­ցե­լած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան ղե­կավար կազ­մը՝ յար­գանքի տուրք մա­տու­ցե­լու նա­հատակ­նե­րու ան­մար յի­շատա­կին։

Հայ ժո­ղովուրդին սու­գին ու խո­նար­հումին միացած են նաեւ օտա­րերկրեայ դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թիւննե­րը։ Յատ­կա­պէս, Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նու­թիւնը հրա­պարա­կած է հա­ղոր­դագրու­թիւն մը, ուր նշուած է. «Այ­սօր՝ Յու­նուար 27-ին, Հա­յաս­տա­նը յար­գանքի տուրք կը մա­տու­ցէ հայ­րե­նիքի հա­մար մար­տի դաշ­տին վրայ ին­կած իր զա­ւակ­նե­րուն։ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նու­թիւնը կը միանայ հայ ժո­ղովուրդին»։

ՀՀ վար­չա­պետ Փա­շինեանի ամ­բողջա­կան ու­ղերձը՝ օրուան առ­թիւ

«Սի­րելի՛ ժո­ղովուրդ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան սի­րելի՛ քա­ղաքա­ցիներ,

Յա­նուն հայ­րե­նիքի զո­հուած­նե­րու յի­շատա­կի եւ խո­նար­հումի օրն է այ­սօր։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղովին կող­մէ ան սահ­մա­նուած է մեր երկրի բա­նակի տօ­նի նա­խօրեակին եւ քա­ղաքա­ցինե­րը ար­դէն սկսած են Յու­նուար 27-ը անուանել “Երկնա­յին բա­նակի օր”։

Ժո­ղովրդա­կան այս ձե­ւակերպման մէջ մեծ սէր կայ, մեր իրա­կանու­թեան մէջ մեծ սէր կայ յա­նուն հայ­րե­նիքի իրենց կեան­քը տուած նա­հատակ­նե­րուն նկատ­մամբ եւ մեծ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւն։

Իւ­րա­քան­չիւր ին­կած զի­նուոր մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրին ըն­տա­նիքի ան­դա­մը կը դառ­նայ եւ սա այն ակնյայտ գի­տակ­ցութեան բե­րու­մով, որ ան զո­հուած է յա­նուն մե­զի, յա­նուն մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրին։ Յա­նուն հայ­րե­նիքի զո­հուած­նե­րու յի­շատա­կը եւ անոնց առ­ջեւ խո­նար­հի­լը մեր պարտքն է, սա է պատ­ճա­ռը, որ յի­շատա­կի պե­տական օր սահ­մա­նուած է։

Բայց այս օրէն ան­դին մեր պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը չի նուազիր, այլ ընդհա­կառակն՝ կ՚աւել­նայ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը այն բա­նին հա­մար, որ մեր նա­հատակ­նե­րուն զո­հողու­թիւննե­րը ի զուր չըլ­լան։ Մե­զի պա­տահած աղէտ­նե­րէն ետք ամէն օր, Աս­տուծոյ ամէն օր Կա­ռավա­րու­թիւնն ու խորհրդա­րանա­կան մե­ծամաս­նութիւ­նը ջանք գոր­ծադրած են՝ գտնե­լու շատ կա­րեւոր հար­ցի մը պա­տաս­խա­նը. իսկ ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ մեր նա­հատակ­նե­րուն զո­հողու­թիւննե­րը ապ­րեցնող ըլ­լան եւ ոչ թէ կոտ­րող։

Այս հար­ցին տրուած է յստակ եւ աներկբայ պա­տաս­խան. մեր նա­հատակ­նե­րը ին­կած են, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը բարձրա­նայ։ Եւ, հե­տեւա­բար պե­տու­թիւնը՝ զար­գա­ցած, ու­ժեղ, անվտանգ, բա­րեկե­ցիկ ու եր­ջա­նիկ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնն է մեր նա­հատակ­նե­րու յի­շատա­կը ամե­նածան­րակշիռ կեր­պով յա­ւեր­ժացնող եւ անոնց յետ­նորդնե­րը ապ­րեցնող ամե­նատե­սանե­լի յու­շարձա­նը։

Եւ մենք այ­սօր կեդ­րո­նացած ենք ճիշդ այս խնդրին վրայ. Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան յա­րատե­ւու­թիւնը, մեր պե­տակա­նու­թեան ու անոր հաս­տա­տու­թիւննե­րու ու­ժե­ղացու­մը, պե­տու­թիւնը քա­ղաքա­ցինե­րու անվտան­գութեան ու բա­րեկե­ցու­թեան աշ­խա­տող գոր­ծիք դարձնե­լը, մեր երկրի ան­կա­խու­թիւնը, ինքնիշ­խա­նու­թիւնը, տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնն ու սահ­մաննե­րու ան­ձեռնմխե­լիու­թիւնը ամ­րացնե­լը, երկրա­յին բա­նակի շա­րու­նա­կական զար­գա­ցումն է այն ընե­լիքը, որ մե­զի հնա­րաւո­րու­թիւն պի­տի տայ նա­յելու դէ­պի եր­կինք՝ մեր երկնա­յին բա­նակին եւ ժպիտ ստա­նալու ի պա­տաս­խան։

Սի­րելի՛ իմ եղ­բայրներ եւ քոյ­րեր, Դուք ի զուր չէք ին­կած, Ձեր զո­հողու­թիւնը նոր գի­տակ­ցութիւն ստեղ­ծած է, Ձեր զո­հողու­թիւնը բա­ցած է մեր աչ­քե­րը, պար­զած է մեր միտ­քը, ամ­րա­ցու­ցած է մեր կամ­քը՝ ու­ժե­ղաց­նե­լու մեր պե­տու­թիւնը, կեր­տե­լու պե­տակա­նակեդ­րոն ճա­նապարհ մը, որ բա­րեկե­ցու­թեան, անվտան­գութեան, եր­ջանկու­թեան, խա­ղաղու­թեան ճա­նապարհն է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան ու անոր քա­ղաքա­ցինե­րուն հա­մար։

Ար­ցունքնե­րու մէ­ջէն մենք կը ժպտինք Ձե­զի եւ կը խո­նար­հինք Ձեր հա­րազատ­նե­րուն առ­ջեւ։ Եւ ծունկի կու գանք Ձեր առ­ջեւ։ Եւ կեց­ցէ՛ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը»։