Հարցազրոյց՝ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի հետ,

Արա եւ Մուրատ

որոնք Նատիա Գործունեանի հետ կը գլխաւորեն «Միասին՝ Հայաստանի համար» ցանկը՝ CCAF-ի Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն

CCAF-ի (Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդ) Անհատներու ժողովի ներկայացուցիչներու ընտրութեան քարոզարշաւը ընթացքի մէջ է եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 6-8 նախատեսուած քուէարկութիւնը։

Առաջին ցանկը, որ կը կրէ «Համախմբել, կառուցել եւ փոխանցել» անուանումը, կը գլխաւորեն Ֆրանսուա Տէվէճեանն ու Օրելի Տեյիրմէնճեանը։ Կազմուած է նաեւ երկրորդ ցանկ մը՝ «Միասին՝ Հայաստանի համար» («Unis pour l’Arménie»)։ «Համախմբել, պաշտպանել եւ ճառագայթել» նշանաբանով այս ցանկը կ՚առաջնորդեն CCAF-ի գործող ղեկավարներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի Ֆրանսայի կառոյցի համանախագահ Նատիա Գործունեանը։

Նկատի ունենալով, որ Անհատներու ժողովին պարագային գործ ունինք համընդհանուր ընտրակարգի հետ, մեր հարցումները կը վերաբերին ոչ թէ կազմակերպութեան գլուխը գտնուող համանախագահներուն անցեալի գործունէութեան հաշուեկշիռին, այլ աւելի շատ՝ անոնց տեսլականին եւ ապագայի ծրագրերուն։ Նշենք, որ թեկնածուներուն փափաքով՝ սոյն հարցազրոյցը կատարուած է գրաւոր։

***

«Նոր Յառաջ» – Ի՞նչը մղեց CCAF-ի համանախագահներն ու քարտուղարը՝ կազմելու ընտրական ցանկ մը եւ դիրքաւորուելու իբրեւ այդ ցանկին առաջնորդները՝ Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար։ Արդեօք պիտի հրաժարի՞ք միութիւններու ներկայացուցիչի ձեր պաշտօններէն։

Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան – Մենք եղած ենք նախաձեռնողները այս բարեփոխումին, որ կ՚ընդգրկէ յատկապէս ընտրական կարեւոր բաժին մը։ Նուազագոյնը, որ կրնայինք ընել՝ այդ գործընթացին լիարժէք մասնակցիլն էր, որպէսզի մենք եւս ենթարկուէինք ընտրողներու վճիռին։ Ինչե՜ր պիտի չլսէինք, եթէ անձնապէս ներգրաւուած չըլլայինք այս գործընթացին մէջ, եթէ մնայինք մեր «հանգիստ դիրքեր»-ուն (zone de confort) մէջ եւ արհամարհէինք Ազգային խորհուրդի մէկ հատուածին կազմաւորման համար նախատեսուած համընդհանուր քուէարկութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի ձեր միւս հարցումին՝ մենք հարկ չունինք հրաժարելու։ Անհատներու ժողովին ընտրուիլը չ՚ենթադրեր, որ թեկնածուները լքեն իրենց միութենական յանձնառութիւնները։ Այս ընտրութեան նպատակը ներառելն է եւ ոչ թէ բացառելը, գոյութիւն ունեցողը ամբողջացնելն է եւ ոչ թէ ջնջելը, բանավէճին կենդանութիւն տալն է՝ անոր ընթացք տալով եւ տարբերութիւնները ժողովրդավարական ճամբով կարգաւորելով։ Նպատակն է՝ միութիւններու դաշնակցութիւն մը վերածել ժողովրդային կազմակերպուած ուժի մը, որ արմատացած ըլլայ հասարակութեան մէջ եւ օրինակարգուած՝ քուէարկութեամբ։

«ՆՅ» – Ձեր կարծիքով, կանոնադրական իւրայատկութեան առումով տարբերութիւն մը կա՞յ Անհատներու ժողովի ներկայացուցիչին եւ Միութիւններու ժողովի ներկայացուցիչին միջեւ։

Ա. Թ. եւ Մ. Փ. – Երկու ժողովները կը զանազանուին իրենց նշանակման եղանակով. մէկուն պարագային լիազօրողը միութիւններն են, միւսին պարագային՝ անհատները, որոնք կրնան խմբուիլ, ցանկեր կազմել, ծրագիր առաջարկել եւ ուղղակի հայցել ընտրողներուն քուէն։ Սակայն ներկայացուցչական այս տարբեր եղանակները պէտք չէ մեկնաբանուին իբրեւ հակադրութիւն։ Խօսքը Ազգային խորհուրդը խցիկներու բաժնելու կամ անհատները միութենականներուն դէմ հանելու մասին չէ, այլ՝ օրինակարգութեան (légitimité) զիրար լրացնող երկու ձեւերու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծելու։ Ամէն պարագայի, սա առաջին փորձառութիւն մըն է եւ ոչ թէ անանցանելի վերջնակէտ։

«ՆՅ» – 12 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը, որ կը ներկայացնէք, կը մնայ նոյն տրամաբանութեան մէջ, ինչ որ էր Անհատներու ժողովի համընդհանուր քուէարկութիւնը հաստատող բարեփոխումէն առաջ։ Արդեօք Անհատներու ժողովը պէտք չէ՞ր ունենար ծրագիր մը, որ կը տարբերէր Միութիւններու ժողովէն։

Ա. Թ. եւ Մ. Փ. – Ո՛չ, որովհետեւ համընդհանուր քուէարկութեամբ ընտրուածներն ու միութիւններու կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչները պիտի գործեն միեւնոյն ատեանին մէջ։ Ազգային խորհուրդը բաղկացած պիտի ըլլայ Անհատներու ժողովի տասը եւ Միութիւններու ժողովի երեսուն ներկայացուցիչներէ։ CCAF-ը, իբրեւ միութիւններու դաշնակցութիւն, չի լուծուիր. ան կը բացուի եւ կը ժողովրդավարացուի։ Այս միացեալ «խորհրդարան»-ը պիտի նշանակէ գործադիր մարմին մը՝ դիւան եւ նախագահութիւն, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կեանքի կոչել հաւաքաբար որոշուած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ աշխուժացնել ու կազմակերպել անդամներու մեծ զանգուածին կեանքը։

«ՆՅ» – Ինչո՞ւ ձեր ցանկին համար ընտրեցիք «Միասին՝ Հայաստանի համար» անունը, որ միակողմանի է եւ չ՚ընդգրկեր Ֆրանսայի հայութեան մշակութային, կրթական, ընկերային… կարիքները։

Ա. Թ. եւ Մ. Փ. – «Հայաստան» բառը հոս պէտք է հասկնալ լայն եւ քաղաքական՝ բառին վսեմ իմաստով։ Այս ընդհանրական եզրոյթը կը մատնանշէ, անշուշտ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բայց նաեւ՝ Արցախը, Հայ Դատը, եւ աւելի լայն առումով՝ մեր համայնքին պաշտպանութեան, հզօրացման եւ ճառագայթումին, անոր իրաւունքներուն ու շահերուն, մշակոյթին եւ պայքարի փոխանցման առնչուող բոլոր մարտահրաւէրները։ Ըլլալ «Միասին՝ Հայաստանի համար»՝ կը նշանակէ հաստատել միասնական ուղեցոյց-կողմնացոյց մը, որ Ֆրանսայի մէջ մեր յանձնառութիւնը կը կապէ հայ ժողովուրդի ապագային հետ՝ իր բոլոր տարողութիւններով։

«ՆՅ» – CCAF-ի կանոնադրային բարեփոխումը, որ կը ներկայացուի իբրեւ ժողովրդավարական կարեւոր քայլ, այնուամենայնիւ ներկայացուցչականութեան էական հարց մը կը յառաջացնէ։ CCAF-ի Ազգային խորհուրդի անդամներու ընտրութեան խառն եղանակը արդեօք անհաւասարութիւն չի՞ ստեղծեր ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցչութեան մէջ։ Քանի որ CCAF-ին մաս կազմող միութիւններու անդամները արդէն իսկ ներկայացուած են իրենց պատգամաւորներով, իսկ երբ այդ նոյն անդամները անհատապէս կ՚արձանագրուին նաեւ Անհատներու ժողովի ընտրութիւններուն, անոնք փաստօրէն երկրորդ անգամ կը ներկայացուին։ Սա զիրենք աւելի նպաստաւոր դիրքի մէջ չի՞ դներ՝ բաղդատած Անհատներու ժողովի այն անդամներուն հետ, որոնք CCAF-ին մաս կազմող որեւէ միութեան անդամ չեն։

Ա. Թ. եւ Մ. Փ. – Ինչպէս նշեցինք, «անհատ» հասկացութիւնը հոմանիշ չէ հաւաքական կեանքի նկատմամբ անտարբերութեան կամ յանձնառութենէ հրաժարելուն։ Երկու ցանկերն ալ կ՚ընդգրկեն անձեր, որոնք ներգրաւուած են զանազան միութիւններու մէջ, բայց նաեւ ուրիշներ, որոնք միութենական չեն։ Անհատներու ժողովը կոչուած է ոչ թէ մրցակցելու միութենական ցանցին հետ, այլ քաղաքական արտայայտութեան ուղղակի հարթակ մը տրամադրելու համայնքի բոլոր անդամներուն՝ ըլլան անոնք կազմակերպուած թէ ոչ։ Նպատակը ներկայացուցչականութիւնը ընդլայնելն է, եւ ոչ թէ զայն խոտորելը։

«ՆՅ» – Ձեր ցանկին ծրագիրը չի պարունակեր ո՛չ թուային տուեալներով նպատակներ, ո՛չ պիւտճէ եւ ո՛չ ալ յստակ ժամանակացոյց։ Ընդհանուր նպատակներէն անդին, կրնա՞ք աւելի յստակ մանրամասնութիւններ տալ որոշ ծրագրերու մասին, զորս մտադիր էք իրագործել։

Ա. Թ. եւ Մ. Փ. – Մեր ծրագրին հիմնասիւներէն մէկը՝ ճշդուած քաղաքական գլխաւոր ուղղութիւններէն անդին, «CCAF 2050 Հիմնադրամ»-ին ստեղծումն է։ Այս հիմնադրամին նպատակն է երաշխաւորել CCAF-ի նիւթական անկախութիւնը, ֆինանսաւորել անոր երկարաժամկէտ ծրագրերը, աջակցիլ անոր գործունէութեան՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ ապահովել մեր յանձնառութեան փոխանցումը ապագայ սերունդներուն։ Իրաւունք ունիք շեշտելու թիւերուն կարեւորութիւնը. դրամը յաջողութեան գրաւականն է, թէ՛ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ թէ՛ անոր յաւակնութիւններու իրականացման համար։ Ճիշդ այդ պատճառով է, որ մենք կ’առաջարկենք այս հիմնադրամը, որպէսզի CCAF-ին տրամադրենք իր քաղաքականութիւնը վարելու իրական միջոցներ։