Հասանղուլիեւ. «Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ մինչեւ Յունիս»
“Մինչեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք յաջորդական ընտրութիւնները, այսինքն՝ մինչեւ Յունիս, մենք կրնանք ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը”,– Փետրուար 2-ին Պաքուի մէջ յայտարարած է Ազերպայճանի խորհրդարանի երեսփոխան Քուտրաթ Հասանղուլիեւ։
Դիմելով խորհրդարանի անդամներուն՝ ազերպայճանցի երեսփոխանը ընդգծած է, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ այն պարագային, եթէ «Հայաստան ընդունի, որ իր նոր Սահմանադրութեան բնագրին մէջ Ազերպայճանին ուղղուած տարածքային պահանջներ չըլլան»։
Հասանղուլիեւ նաեւ նշած է, թէ «ըստ ազերպայճանական օրէնսդրութեան՝ հայ-ազերպայճանական հակամարտութիւնը “Հայրենական պատերազմ” ճանչցուած է, ուստի խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար, ըստ Սահմանադրութեան, անհրաժեշտ է Միլլի մեճլիսի (Ազերպայճանի խորհրդարանը) համաձայնութիւնը»։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը նախաստորագրուեցաւ անցեալ տարուան Օգոստոս 8-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ։ Պայմանագիրը ստորագրելու՝ Պաքուի նախապայմանն է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որուն նախաբանին մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագրին, ուր նշուած է Հայաստանի ու Արցախի միաւորման մասին։
Երեւան անհիմն կը համարէ Պաքուի այդ պահանջը։
