Ժաննա Անդրէասեան Իսրայէլի մէջ մասնակցած է «Կրթութիւն 2026» համաժողովին
Screenshot
Քննարկուած են STEM եւ AI ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները
Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Իսրայէլ, մասնակցելու համար «Կրթութիւն 2026» համաժողովին, որ նուիրուած էր STEM-ի (Գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն, արհեստագիտութիւն եւ թուաբանութիւն) եւ արհեստական բանականութեան (AI) կրթութեան։
Փետրուար 2-ին նախարար Անդրէասեան հանդիպում ունեցած է իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Քիշի հետ։ Երկու նախարարները միտքեր փոխանակած են իրենց երկիրներուն փորձառութեան մասին՝ յատկապէս STEM-ի եւ արհեստական բանականութեան վրայ կեդրոնացած ուսումնական ծրագրերու եւ կրթական նախաձեռնութիւններու ներդրման շուրջ։ Կողմերը համաձայնած են համագործակցիլ շարք մը ոլորտներու մէջ։
Անդրէասեան եւ Քիշ քննարկած են համագործակցութեան կարելիութիւնները ուսումնական ծրագրերու մշակման, ուսուցիչներու վերապատրաստման, թուային գրագիտութեան եւ դասաւանդման նորարարական մեթոտներու կիրարկման ոլորտներէն ներս։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ արհեստագիտական եւ մասնագիտական կրթութեան զարգացման, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան բնագաւառներուն մէջ համատեղ ծրագրերու մեկնարկին եւ մասնագէտներու փոխանակման։
Ժաննա Անդրէասեան շեշտած է, որ արհեստագիտական կրթութիւնը կը դառնայ Հայաստանի այցեքարտերէն մէկը՝ ներկայացնելով երկրին փորձառութիւնը ոչ-ձեւական կրթութեան մէջ եւ յատկապէս «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի գործունէութեան օրինակը։
Ազերպայճան ու Իսրայէլ պիտի գործակցին արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ
Որպէսզի մեր ընթերցողները չտարուին այն թիւր համոզումով, թէ Իսրայէլ սկսած է իր դիրքորոշումն ու տարածաշրջանին մէջ իր նախասիրութիւնները վերատեսութեան ենթարկել՝ անմիջապէս աւելցնենք, որ վերոնշեալ հանդիպումէն երկու օր ետք ալ նոյն կալուածին վերաբերող ա՛լ աւելի շօշափելի եւ ընդգրկուն համաձայնագիր մը ստորագրուած է Ազերպայճանի եւ Իսրայէլի միջեւ։
Երկու երկիրները համաձայնած են համագործակցիլ գերհամակարգիչներու մշակման ոլորտին մէջ՝ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ յուշագրի մը շրջանակին մէջ։
Ազերպայճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունէն յայտնած են, որ փաստաթուղթը կը նախատեսէ նաեւ համատեղ աշխատանք՝ արհեստական բանականութեան՝ քաղաքացիական խաւին ուղղուած յաւելուածներու ուղղութեամբ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու (cadres) պատրաստութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու կատարման հեռանկարներով։
Իսրայէլի դեսպան Ռոնէն Քրաուս նշած է, որ համաձայնագիրը կը ցոլացնէ Պաքուի եւ Թել Ավիվի միջեւ արհեստագիտական եւ ռազմավարական կապերու ամրապնդումը։