ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Կ՚ուսումնասիրուի երեխաներուն համար՝ ընկերային ցանցերու սահմանափակման հարցը

Ընկերային ցանցեր

Կրթութեան նախարարութիւնը քննարկումներու մէջ է Բարձր արհեստագիտութեան նախարարութեան հետ՝ 16 տարեկանէն վար երեխաներու համար ընկերային ցանցերու յաւելուածները արգիլելու նպատակով։

Նախարարութիւնները կը քննարկեն նաեւ պատանիները ընկերային ցանցերու վնասներուն եւ օգուտներուն մասին կրթելու, ինչպէս նաեւ առցանց տիրոյթին մէջ համացանցային սպառնալիքներու դէմ զգօն եւ ապահով մնալու հարցերը։

“Որքան որ կարեւոր է արհեստագիտութիւններու օգտագործումը, նոյնքան ալ անհրաժեշտ է ապահովել երեխաներուն անվտանգութիւնը՝ սորվեցնելով անոնց մետիագրագիտութիւն՝ առցանց միջավայրերու մէջ անվտանգութեան զուգահեռ։ Մենք պէտք է բարձրացնենք անվտանգութեան չափանիշերը. այսօր շատ մեծ խնդիր է այդ մէկը եւ մենք կ՚աշխատինք այս ուղղութեամբ, ու շուտով պիտի ներկայացուին համապատասխան օրինագիծերը”,– ըսած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։