ՓԱՐԻԶ – ՀՀ դեսպանը այցելած է «Wine Paris 2026»-ի հայկական տաղաւարը
Փետրուար 9-ին, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Խաչատրեան այցելած է «Wine Paris 2026» գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու միջազգային տարեկան ցուցահանդէսը, որուն Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ, «ARMENIA» միասնական տաղաւարով կը մասնակցին հայկական գինեգործական 23 ընկերութիւններ։
Դեսպան Խաչատրեան շրջած է հայկական տաղաւարին մէջ եւ ծանօթացած մասնակից ընկերութիւններու՝ ցուցահանդէսին ներկայացուցած արտադրատեսակներուն։
Ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են հայկական արտադրանքը ֆրանսական շուկայ հասցնելու կարելիութիւններուն առնչուող հարցեր։
«Wine Paris» գինիներու եւ ոգելից ըմպելիներու միջազգային տարեկան ցուցահանդէսը գինեգործութեան ոլորտի ամէնէն հեղինակաւոր միջազգային ձեռնարկներէն մէկն է։ Փետրուար 9-11 տեղի կ՚ունենայ 7-րդ ցուցահանդէսը։



